Եւկէնի Գիսին Ելոյթ Չունենար Թուրքիոյ Մէջ, Քանի Դեռ Այն Չէ Ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Դեկտեմբեր 13-ին Նիւ Եորք Թայմզ-ը հրապարակած է հարցազրոյց Եւկէնի Գիսինի հետ, ուր ան եւս մէկ անգամ անդրադարձած է Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին, մասնաւորապէս նշելով, որ ելոյթ չունենար Թուրքիոյ մէջ, քանի դեռ անոնց կառավարութիւնը չէ ճանչցած 1915 թուականի հայերու զանգուածային կոտորածները որպէս ցեղասպանութիւն:

«Իմ անձնական համոզումն է, որ եթէ  երաժիշտներէն շատերը հրաժարին ելոյթ ունենալ  Թուրքիոյ մէջ, այնտեղ կը հասկնան, որ ժողովուրդը կը տուժէ իր ղեկավարներու արարքներէն, որ  կը խթանէ կիրթ մտածելակերպով մարդոց առաւել տեղեկացուածութեան»,- ըսած է Եւկէնի Գիսին:

Ան նշած է նաեւ, որ արդէն վեց տարի է, որ ելոյթ չէ ունեցած Ռուսաստանի մէջ, սակայն հնարարաւոր է, որ այնտեղ հանդէս գայ 2017-ին:

Յիշեցնենք, որ Եւկէնի Գիսին վերջին երեք տարիներուն ընթացքին երկու անգամ Հայաստան ժամանած է (2012թ, 2015թ) մենահամերգային մեծ ծրագիրներով, ինչպէս նաեւ խոշոր բարեգործական ձեռնարկներով:

Scroll Up