Ազգային Կինոկեդրոնը Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Երկու Շարժանկար Պիտի Նկարահանէ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին ընդառաջ Հայաստանի ազգային կինոկեդրոնը կը պատրաստուի երկու նոր վաւերագրականան շարժանկար նկարահանել:
Յունուար 23-ին լրագրողներուն հետ հանդիպման Հայաստանի ազգային կինոկեդրոնի տնօրէն Գէորգ Գէորգեան նշեց, որ առաջին շարժանկարը` բեմադրիչ Վարդան Յովհաննիսեանի «Բանտարկուած հոգիներ»-ը, պիտի նկարահանուի «Պարս մետիա» ընկերութեան հետ համատեղ:
«Յովհաննիսեանը արդէն կ’ուսումնասիրէ արխիւային շատ նիւթեր: Այժմ փոքր ինչ կը փոխեն սենարը, եւ հեղինակը կը կապէ զայն ճատրակի հետ` անդրադառնալով այն երեւոյթին, որ Հայաստանը երեք անգամ մեծ յաջողութիւն ունեցած է ճատրակի ոլորտին մէջ»,- նշեց Գէորգեան` աւելցնելով, որ շարժանկարի թէ’ նիւթը, թէ’ բովանդակութիւնը շատ հետաքրքիր են:
Երկրորդ նախագիծը «Ման փիքչրս» արուեստանոցին հետ համատեղ իրականացուող
«Յիշատակի պատը» վաւերագրական շարժանկարն է, որ պիտի նկարահանէ բեմադրիչ Արամ Շահբազեան:
«Շարժանկարը կոտորածներէն մազապուրծ եղած հայերու` աշխարհով մէկ սփռուելու մասին է, նաեւ այն մասին, որ երկրագունդի տարբեր կէտերու մէջ կան շատ անուանի հայեր, աշխարհահռչակ երգահաններ, պարողներ, գիտութեան բնագաւառի ներկայացուցիչներ, որոնք ցեղասպանութեան պատճառով հայրենիքէն դուրս ծնած, մեծցած, ապրած ու ստեղծագործած են»,- պատմեց կինոկեդրոնի ղեկավարը:
Գէորգեան նշեց, որ բացի նշուածէն, ցեղասպանութեան մասին այս երկու կինոնախագիծերը կ’իրականացուին` անկախ պետական յանձնաժողովի որոշումէն: Ան տեղեկացուց, որ 10-րդ «Ոսկէ ծիրան» կինոփառատօնի ծիրէն ներս արտերկրէն հրաւիրուած հեղինակաւոր ժիւրիին հետ ընտրած են ցեղասպանութեան նուիրուած 37 կինոնախագիծ, որոնցմէ ընտրուած 6-ը ներկայացուած են պետական յանձնաժողովի դատին: «Նախագիծերը դեռեւս քննարկման փուլին մէջ են, եւ դեռ յայտնի չէ, թէ երբ եւ ինչ ժամկէտի մէջ կ’ընտրուին»,- տեղեկացուց Գէորգեան:
Պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք ուշ չէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին նուիրուած շարժանկար նկարահանելու համար, ան նշեց, որ դեռ կայ մէկ տարիէ աւելի ժամանակ, որ բաւական է լաւ շարժանկար նկարահանելու համար:
Կինոկեդրոնը 2014 թ. կ’աջակցի գեղարուեստական 12 շարժանկարներու նկարահանման:
Կինոկեդրոնի պիւտճէն կը կազմէ տարեկան կէս միլիոն տոլար:
http://armenpress.am/