«Հալէպը Իմ Ծննդավայրս Է, Սակայն Երեւանը Տունս»…
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/12/Alin-1-300x225.jpg)
Ալին Մարանեան առաջին անգամ Հայաստան` բարեկամներուն այցելութեան եկած էր 1995 թուականին, երբ տակաւին 14 տարեկան էր ու չէր կրնար ենթադրել, որ 20 տարի անց հանգամանքերու բերումով պիտի դառնար Հայաստանի քաղաքացի եւ ազգութեամբ ասորի ամուսնուն` Մանսուր Հըլըպի հետ պիտի ապրին եւ աշխատին իր հայրենիքին մէջ:
«Կ’ըսեն, ամէն չարիքի մէջ բարիք կայ: Սուրիական պատերազմը պատճառ դարձաւ, որպէսզի մենք հաստատուինք Հայաստանի մէջ: Այս տարուան Օգոստոս ամսուն հայաստանաբնակ մեր ընկերը մեզի հրաւիրեց այստեղ: Որոշ ժամանակ ապրեցանք անոնց տունը, յետոյ բնակարան վարձեցինք, աշխատանք գտանք ու յարմարեցանք տեղի կենցաղին ու ապրելակերպին»,-womennet.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցին կը պատմէ Ալինը:
Մեծ եղեռնէն փրկուած, Այնթապի Օրըլ գիւղէն Հալէպ գաղթած Ալինի պապերը չէին կրնար պատկերացնել, որ ժառանգներէն մէկուն հանգրուանը պիտի ըլլար Հայաստան: Սակայն եղաւ այն, ինչ եղաւ:
Հալէպի մէջ մնացած Ալինի եւ անոր ամուսնուն ծնողներէն ստացած տեղեկութիւնները յուսադրող չեն: Սուրիական պատերազմի վերջը դեռ չերեւիր: Արդէն երեք տարի է, որ ծնողներս իրենց տան մէջ չեն ապրիր, քիչ մը աւելի ապահով թաղ գացած են, թէեւ դարձեալ արկերը «Գլուխնին վրայով կ’երթան»:
Սուրիոյ մէջ ապրած տարիներուն երիտասարդ ամուսինները կ’աշխատէին իրենց մասնագիտութեամբ. Մանսուրը` որպէս վարսայարդար, Ալինը` cosmetologist- մատնայարդար: Հալէպի մէջ ձեռք բերած վարսավիրանոցը վարձակալութեամբ յանձնած են ուրիշին, իսկ իրենք երկուքով կ’աշխատին Նոր Նորքի 1-ին զանգուածին մէջ գտնուող գողտրիկ ու յարմարաւէտ «MS» գեղեցկութեան սրահին մէջ: Չըլլային ընկերներու, հարեւաններու, վարսավիրանոցի վարսայարդար Անգելինայի սրտացաւութիւնն ու խորհուրդները, երիտասարդ ամուսիններուն համար նոր միջավայրին մէջ յարմարիլը դժուար կ’ըլլար:
«Կան սուրիահայեր, որ ամիսներ շարունակ աշխատանք չեն գտներ, իսկ մեր բախտը բերաւ, հանդիպեցանք լաւ մարդոց ու անոնց օգնութեամբ կրցանք գտնել աշխատանք: Շնորհակալ ենք այդ մեծ աջակցութեան համար: Ամուսինս անոնց միջոցով ճանչցաւ հայերուն, եւ հիմա այնքան կը սիրէ երկիրն ու հայերը, որ անգամ հարազատներուն կը յորդորէ այցելել Հայաստան»,- կ’ըսէ Ալինը:
Երեւանի մէջ ամէն քայլափոխի հանդիպած գեղեցկութեան սրահներու առատութիւնը այնուհանդերձ չյուսահատեցուց Ալինը ու անոր ամուսինը: Չէ՞ որ իւրաքանչիւրը իր բախտն ու յաջողութիւնը ունի: Ու գտան: Այսօր անոնք ունին իրենց մշտական յաճախորդները: Ճիշդ է, Հալէպի մէջ անոնց թիւը անհամեմատ շատ էր, սակայն այստեղ ալ դժգոհ չեն:
Ալինի եւ ամուսնուն աշխատանքը էապէս կը տարբերի տեղաբնակ վարսայարդարներու աշխատանքէն, թէեւ այստեղ արեւելայն ոճի սանտրուածքներ նախընտրողներն ալ քիչ չեն: Այնուհանդերձ ամուսնինները ոճերու բազմազանութեամբ կը փորձեն գոհացնել իրենց յաճախորդները: Յետագայ ծրագիրներուն մասին դեռ կանուխ է խօսիլ, իսկ «նեղութեան» պարագային Մանսուրի բարեկամներու աջակցութեամբ աշխատանք կը փնտրեն Տուպայի մէջ: Ի դէպ, Մանսուրի երազանքն է Հայաստանի մէջ սեփական տուն ունենալ:
Ժպտերես ու կենսախինդ Ալինի համար լեզուներու իմացութիւնը կարեւոր է, հայերէնի, արաբերէնի ու անգլերէնի հետ վատ չէր ըլլար նաեւ ռուսերէնի իմացութիւնը, որ կ’օգնէ հաղորդակցուիլ ռուսախօս յաճախորդներու հետ: Ու քանի որ օրուան ընթացքին կ’ունենայ «պարապ ժամեր», ուստի կը զբաղի նաեւ խոհարարութեամբ: Ալինի պատրաստած իշլի-քիւֆթան արդէն բաւական պահանջարկ ունի շրջակայ խանութներու գնորդներուն կողմէ:
-Հալէպը իմ ծննդավայրս է, սակայն Երեւանը տունս»,-կ’ըսէ հազար ու մի երազանքներ հիւսող Ալինը:
Անոյշ Ներսիսեան