Ինչպէ՞ս Փոխանցեմ

Հալէպի մէջ հրատարակուող թերթի կամ արդէն իսկ միայն կայքէջի խմբագիր Զարմիկը, որ ամուսնացած է իմ ազգականներէս Պերճ Պօղիկեանի հետ, համացանցով կը կապուի «Ասպարէզ»ի հետ, անշուշտ երբ հնարաւորութիւն ունենայ, այսինքն՝ երբ ելեկտրականութիւն ունենայ, երբ համացանցը աշխատի:
Երկու օր առաջ, Զարմիկը «Ասպարէզ»ին փոխանցեց Լալա Մինասկարեանի օրագրութեան նոր հատուածը, գրութիւն մը, որուն անհամբեր կը սպասեն մեր ընթերցողները: Ոչ մէկ խօսք իր անձնական կեանքին մասին, իր դժուարութիւններուն մասին:
Պերճի հօրեղբօր տղայէն իմացայ, որ նոյն օրը, Զարմիկի եւ Պերճի երկուորեակ զաւակներէն տղան՝ Գաբրիէլը, փորձանք մը անցուցած է եւ մահէն մազապուրծ եղած:
Կապուեցայ Զարմիկին հետ: Պատասխանեց. «Տղաս հրթիռակոծման մը հետեւանքով (Պերճենց նկարչատան մօտ) վիրաւորուեցաւ: Պայթած հրթիռէն փոքր բեկոր մը գլխուն մէջ մտած է: Վիրաբուժը հանեց. փա՜ռք Աստուծոյ գանկին մէջ չէր մտած. հրթիռը տեսնելուն եւ անմիջապէս վազելուն համար իր կեանքը փրկուեցաւ, այլապէս ճիշդ հեծիկով խաղցած տեղը ինկած էր… Հիմա շատ լաւ է, մտահոգիչ չէ պարագան»:
Պաշտօնակից ազգականս արիւնաքամ Հալէպի մէջ ի՜նչ խնդիրներ կը դիմագրաւէ ամէն օր: Ես այստեղ, պարզապէս հեռուէն արձագանգելով՝ պէ՞տք է բաւարարուիմ: Խղճի հանգստութեան եւ անշուշտ թերթի առաքելութենէն մեկնած՝ ամէն ճիգ կը թափեմ սատարելու համար Սուրիոյ հայութեան աջակցութիւն հասցնելու աշխատանքներուն: Ապա կ՛երթամ տուն, իմ առտնին հոգերով զբաղելու:
Զարմիկը իր հոգերը չ՛ուզեր փոխանցել ինծի: Ես, իր օրինակով, պարզապէս կ՛ուզեմ «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն փոխանցել անոր կեանքի մէկ դրուագը, որ կրնար ահաւոր ողբերգութիւն մը դառնալ:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ասպարեզ