Մեկնարկած Է «Որդեգրիր Գիւղ Մը» Ծրագիրը

Դեկտեմբեր 11-ին Վայոց Ձորի Արէնի գիւղին մէջ տեղի ունեցած է «Որդեգրիր գիւղ մը» ցուցանակի տեղադրումը, որմով հիմք  դրուած է Նոր Զելանտիոյ հայ համայնքի կողմէ Արէնիի եւ շրջակայ գիւղերու որդեգրումը: Այս մասին կը գրէ mediamax.am-ը:

«Որդեգրիր գիւղ մը» հայեցակարգը մշակուած է Նոր Զելանտիոյ եւ Աւստրալիոյ քաղաքացի, «Ծագումը: Բացայայտում» վէպի հեղինակ Լէն Ուիքսի կողմէ:

Շրջելով Հայաստանի մարզերը եւ տեսնելով հայկական գիւղերու անմխիթար վիճակը` ան նախաձեռնած է այս ծրագիրը, որ կը կապէ հայկական գիւղերը ու ատոնց շրջակայքը յատուկ երկրի մը հետ, ուր կը գործէ հայկական համայնք:

Ծրագիրը անմիջական կապ կը ստեղծէ երկու կողմերու միջեւ` առանց որեւէ միջնորդի եւ կը վերահսկուի սփիւռքահայութեան կողմէ: Այն կ’իրականացուի փոքր ծրագիրներու միջոցով` չպահանջելով մեծ գումարներու ներդնում:

«Որդեգրիր  գիւղ մը» ծրագրի նպատակն է գեղեցկացնել, մաքրել հայկական գիւղերը ոչ միայն հէնց գիւղի բնակիչներուն համար, այլեւ յարմար զբօսաշրջիկներու այցելութեան համար:

Ներկայիս հայեցակարգի հեղինակ Լէն Ուիքսն կ’աշխատի իր վէպին հիման վրայ եռամաս-ֆիլմ ստեղծելու ուղղութեամբ, որ իւրօրինակ գովազդ պիտի հանդիսանայ Հայաստանի համար` մեծ պաստառին ցուցադրելով Հայաստանի գեղեցկութիւնը, մշակոյթը, պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան:

 

Scroll Up