Թեհրանի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Դեկտեմբեր 11-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Թեհրանի քաղաքապետարանի մշակոյթի եւ արուեստի կազմակերպութեան տնօրէն  դոկտոր Մահմուտ Սալահի ղեկավարած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին Հայաստանի մէջ Իրանի իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սեյէտ Քազեմ Սաճատը,  դեսպանատան քաղաքական, տնտեսական,  մշակութային կապերու պատասխանատուներ:

Ողջունելով հիւրերը` սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարեց Իրանի անուրանալի ներդրումը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն պահպանելու գործին, բարձր գնահատեց հայ–իրանական բարեկամութիւնը, որ դարերու պատմութիւն ունի: Նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Շնորհակալ ենք, որ իրանական կառավարութիւնը ստեղծում է բոլոր հնարաւորութիւնները, որ հայերը ոչ միայն ապրեն ու զարգանան, այլեւ ակտիւ մասնակցութիւն ունենան երկրի քաղաքական, տնտեսական, հասարակական ու մշակութային կեանքին»:

Դոկտոր Մահմուտ Սալահին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան, արդիւնաւէտ երկխօսութեան համար:

Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման հեռանկարներուն, ներդրումներու խրախուսման, տնտեսական, մշակութային կապերու ընդլայնման հնարաւորութիւններուն: Քննարկուեցան համագործակցութեան վերաբերող հեռանկարային հարցեր:

2 3

Scroll Up