Հեռաժողով` Ճարտարապետներու Եւ Ճարտարագէտներու Համահայկական Ընկերակցութեան Մասնաճիւղերուն Հետ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/12/konferans.jpg)
Դեկտեմբեր 10-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան մասնաճիւղերու համակարգողներու մասնակցութեամբ հեռաժողով, որ կը վարէր Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան համանախագահ Գոհար Թութունճեան (Քաթար):
Հեռաժողովին մասնակցեցան ՃՃՀԱՅ մասնաճիւղերու համակարգողներ Գէորգ Մսրլեան` Յորդանանէն, Արմէն Սիմոնեան` ԱՄՆ-էն, Նայիրի Համբիկեան` Եգիպտոսէն, Րաֆֆի Թարխանեան` Լիբանանէն, Տելեմակ Անանեան` Ռուսաստանէն, Քաթարը կը ներկայացնէր տիկին Գոհար Թութունճեան:
Նիստին կը մասնակցէր ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան, որ մասնակիցներուն փոխանցեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը` մաղթելով ընկերակցութեան արգասաբեր աշխատանք:
Գոհար Թութունճեան անդրադարձաւ կառոյցին առջեւ ծառացած խնդիրներուն` մասնագիտական տուեալներու հիմքի ստեղծման, երիտասարդ մասնագէտներու վերապատրաստման անհրաժեշտութեան, արտերկրի մէջ հայկական ձեւաւորման արդիւնաբերութեան քաջալերման, հայկական ճարտարապետական միտքը խթանելուն, ինչպէս նաեւ ընկերակցութեան մասնակցութեան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ոլորտի զարգացումներուն: Հեռաժողովի սփիւռքեան մասնակցները ներկայացուցին իրենց համայնքներուն մէջ երկու ամիսներուն ընթացքին իրականացուցած աշխատանքները եւ յետագայ ընելիքները:
Այնուհետեւ ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Արփինէ Դանիէլեան ներկայացուց Ճարտարապետներու համահայկական 3-րդ համաժողովէն ետք կատարուած աշխատանքները եւ խօսեցաւ յետագայ ծրագիրներուն մասին: Ան հեռաժողովի մասնակիցներուն տեղեկացուց Դեկտեմբեր 11-ին կայանալիք ճարտարապետ Դաւիթ Ստեփանեանի «Հայերէն խօսող յուշարձաններ» գիրքի շնորհանդէսի մասին, որ կը կրէ «Հայկական պար եւ հայկական ճարտարապետութիւն» խորագիրը:
Հայաստան վերադարձած եւ հայրենիքի մէջ հաստատուած երիտասարդ ճարտարապետ Անայիս Սանսոնետտը խօսեցաւ իր եւ արժանթինահայ Արի Հաճեանի եւ սուրիահայ Արեգ Քեշիշեանի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած «Տեղացի Սփիւռք» գործընկերներու գործունէութեան մասին: Ան ներկայացուց իրենց նորաստեղծ կազմակերպութեան համագործակցութիւնը Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի եւ «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին հետ:
Հեռաժողովի աւարտին Վահագն Մելիքեան բարձր գնահատեց ընկերակցութեան կատարած աշխատանքները եւ առաջարկեց 2016 թուականին միացեալ ուժերով մշակել եւ կեանքի կոչել նախագիծ մը` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին: