ՀՀ Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Քուէարկութիւնը Աւարտած է. Նախնական Արդիւնքներով «Այո» Քուէարկած է Ընտրողներուն 63,35 Տոկոսը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/12/Yntrutyunner_05.jpg)
Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը առաւօտեան ժամը 6-ին աւարտած է սահմանադրական հանրաքուէի նախնական արդիւնքներու ելեկտրոնային հաշուարկը:
Աշեալ պահուն ստացուած են բոլոր 1997 ընտրատեղամասերու նախնական տուեալները: ԿԸՅ տուեալներով, «այո» քուէարկած է ընտրողներուն 63,35 տոկոսը (825622 ընտրող), «ոչ»` 32,35 տոկոսը (421593 ընտրող):
Հանրաքուէին, նախնական տուեալներով, արձանագրուած է ընտրողներու քիչ մասնակցութիւն, մասնակցած է 1 միլիոն 296 հազար 368 քաղաքացի կամ ընտրողներու 50.51 տոկոսը: Ատիկա մօտ 9,5 տոկոսով պակաս է, քան 2013-ի նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցութեան թիւը: Ոստիկանութեան տուեալներով, ընտրացուցակներուն մէջ ընտրողներուն թիւը 2 միլիոն 550 հազար 323 մարդ է:
Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութենէն յետոյ առաջին Սահմանադրութիւնը ընդունուած է 1995-ի Յուլիս 5-ին, որ ամէն տարի կը նշուի իբրեւ Սահմանադրութեան օր: Սահմանադրութիւնը փոփոխուած է 2005-ին եւ նախագահական կառավարման համակարգը փոխարինուած է կիսանախագահականով: Այժմ հանրաքուէի դրուած նախագիծով երկիրը կ՝անցնի կառավարման խորհրդարանական համակարգի: