ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը կը շարունակէ իր քաղաքականութիւնը` Հայաստանը հզօրացնելու ուղղութեամբ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/04/hhh1.jpg)
Այս օրերուն անգամ մը եւս համոզուեցանք, թէ որքան հզօր է ազգը, երբ այն միասնական է, համախմբուած, մէկտեղուած: Ակնառու էր նաեւ Հայոց պետութեան եւ սփիւռքի միասնութիւնը: Բոլորիս միաւորած էր ընդհանուր ցաւը, վիշտը, յիշողութիւնը, նաեւ ապրելու, զօրանալու, շատանալու, երկիրը զարգացնելու, աւելի ուժեղ ու մրցակցային դարձնելու հզօր կամքն ու հաստատակամութիւնը: Ազգով պէտք է հզօրացնենք, ուժեղացնենք Հայաստանը, եւ այդ նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ է փնտրել եւ գտնել տարբեր ձեւեր, հանդէս բերել նախաձեռնութիւններ:
Կասկած չկայ, որ Հայաստանի դրամատնային համակարգի ուժեղացումը կը նպաստէ տնտեսութեան զարգացման, ներդրումներու խրախուսման, աշխատատեղերու ստեղծման: Եթէ հազարաւոր հայեր բանան իրենց դրամատնային հաշիւները Հայաստանի մէջ, իրենք պիտի չտուժեն, սակայն պիտի օգնեն մեր տնտեսութեան յառաջընթացին:
Կամ` զբօսաշրջութեան զարգացումը նոյնպէս կ’օգնէ աշխուժացնելու տնտեսութիւնը: Այս հարցին մէջ եւս մեր հայրենակիցներու աշխուժութիւնը կ’աւելցնէ զբօսաշրջիկներու թիւը, կը զարգանան ենթակառուցուածքները, կ’աւելնան աշխատատեղերը: Նման առաջարկներ Սփիւռքին միշտ ըրած եւ կը շարունակէ ընել ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը` անկախ անկէ, ատիկա ինչ-որ մէկուն սրտով է, թէ ոչ: Մենք նախանձախնդիր ենք երկրի ուժեղացման եւ զարգացման, եւ իւրաքանչիւր մարդ իր նպաստը պէտք է բերէ եւ իր քարը դնէ հայրենիքի շէնացման սուրբ գործին: