Ֆրանսուա Ռոշպլուան Քննադատած Է Օլանտը Ցեղասպանութեան Ժխտումը Պատժելու Վերաբերեալ Խոստումը Չկատարելու Համար

Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Ֆրանսուա Ռոշպլուան  20-րդ դարու ցեղասպանութիւններու ու մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու  ժխտումը քրէականացնելու վերաբերեալ պատգամաւոր Վալերի Պուայէի ներկայացուցած օրինագիծի  քննարկման ժամանակ քննադատած է նախագահ Ֆրանսուա Օլանտը` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան համար պատիժ նախատեսող օրինագիծ առաջ քաշելու իր վաղեմի խոստումը չկատարելու համար: Ան դրական արտայայտուած է Պուայէի օրինագիծի մասին եւ յիշեցուցած, որ օրէնքի ոլորտը ընդլայնուած է, ու կ’առաջարկուի պատժել ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը, այլեւ` մարդկութեան դէմ բոլոր յանցագործութիւնները:

«Կը ցաւիմ, որ Հանրապետութեան նախագահը չի յարգեր իր խոստումը, որ տուած էր 2012-ին, երբ թեկնածու էր: Ընդ որում, ան այդ մասին ըսած է եւ′ Երեւանի, եւ′ եւրոպական երկիրներու մէջ, եւ′ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող յանձնախումբի  քանի մը ձեռնարկներու ընթացքին»,- NEWS.am-ի հաղորդմամբ` ըսած է պատգամաւորը: «Օրէնքի նախագիծը կը սկսին քննարկել սոսկ տեղական ընտրութիւններու շեմին, որպէսզի այն օգտագործեն քաղաքական շահաբաժին ստանալու համար: Նման առիթներու մօտեցումը անընդունելի է»,- աւելցուցած է Ռոշպլուան:

Յիշեցնենք, որ օրինագիծի հեղինակ, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վալերի Պուայէն նոյնպէս դժգոհութիւն եւ տարակուսանք  արտայայտած են ցեղասպանութիւններու ժխտողականութեան դէմ իր կողմէ առաջ քաշուած օրէնսդրական նախաձեռնութեան նկատմամբ երկրի կառավարութեան եւ նախագահ Օլանտի դիրքորոշման վերաբերեալ:

 

Scroll Up