«Հայաստան Ցոյց Կու Տայ Եւրոպային, Թէ Ինչպէս Պէտք Է Ընդունիլ Փախստականները»

Հայաստան փոքր եւ, ի տարբերութիւն Եւրոպայի, համեմատաբար աղքատ երկիր է, սակայն ողջունած է փախստականներու մուտքը երկիր` օգնութիւն տրամադրելով բոլոր անոնց, որոնք ունին ատոր կարիքը: Այս մասին panorama.am-ի փոխանցմամբ` Euractiv  պարբերականին մէջ հրապարակած յօդուածին մէջ գրած է «Հայաստանի եւրոպական բարեկամներ» կազմակերպութեան նախագահ Էտուարտօ Լորենցօ Օչոան:

«Հայաստան ցոյց կու տայ Եւրոպային, թէ ինչպէս  պէտք է ընդունիլ փախստականները» խորագիրը կրող յօդուածին մէջ Օչոան նշած է, որ սուրիական հակամարտութեան ամենասկիզբէն Հայաստան ժամանած են 17 հազար սուրիացիներ: Չնայած անոնց զգալի մասը սուրիահայեր էին, այդուհանդերձ, եկածներու շարքին  կային նաեւ ասորիներ ու եզտիներ, որոնց համար եւս Հայաստանը տուն դարձաւ:

«Եւրոպայի մէջ Հայաստանը երրորդ երկիրն  է, որ ընդունած  է թիւով սուրիացի փախստականներ»,- կը նշէ հեղինակը:

Անոր պնդմամբ` Հայաստանէն մեծ ջանքեր պահանջուեցան ատիկա ընելու համար, քանի որ ի տարբերութիւն Լիբանանի, Թուրքիոյ կամ Յորդանանի` Հայաստան Եւրոմիութենէն որեւէ զգալի ֆինանսական աջակցութիւն չստացաւ փախստականներ ընդունելու համար: Չնայած ատոր, ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը հրապարակայնօրէն յայտարարեց, որ «եթէ փախստականները որոշած են գալ Հայաստան, ապա մենք միջազգային կառոյցներու եւ հայկական կազմակերպութիւններու հետ միասին պիտի ընենք առաւելագոյնը անոնք ընդունելու համար»:

«Անոնցմէ շատերը հասնելով Հայաստան կրնային դիմել քաղաքացիութիւն ստանալու, կեցութեան համար կամ ալ պահանջել արագացուած կերպով ապաստանի տրամադրում: Փախստականներու լեզուական արգելքները յաղթահարելու համար կազմակերպուեցան անվճար լեզուի դասեր, անոնցմէ շատերը ապաստան գտան հայկական ընտանիքներու մէջ: Շուրջ 6000 նորեկներ 2014 թուականին ստացան անվճար իրաւաբանական խորհրդատուութիւն: Անոնք իրենց հետ բերին նաեւ իրենց երկրի մշակոյթը եւ մօտ 245 նոր ձեռնարկութիւններ հիմնուեցան Սուրիայէն ժամանած գաղթականներուն կողմէ:

Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ԻՊի կազմակերպած կոտորածները հայերուն յիշեցուցին իրենց սեփական պատմութիւնը: Շատ սուրիացիներ, որոնք եկան Հայաստան, Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգորդներն էին, եւ շատ հայեր անոնց անվտանգ ապաստանով ապահովելու բարոյական պատասխանատուութիւն զգացին: Սա նաեւ կը բացատրէ այն հանգամանքը, թէ ինչու եզտիներուն, որոնք իրենց հայրենի հողին վրայ ոչնչացման կ’ենթարկուին, այստեղ գրկաբաց կ’ընդունին:

Թէպէտ տեսականօրէն ԵՄ պետութիւնները համաձայնութեան կու գան եւրոպական արժէքներու եւ սկզբունքներու հարցով, միեւնոյնն է անոնք գործնականին մէջ տարբեր կերպ կ’ընկալեն ատոնց կիրառութիւնը: Եւ ատիկա առաւել ակնյայտ ընդգծուեցաւ փախստականներու վերջին հոսքին ժամանակ:
Այս տարիներուն փախստականներուն նկատմամբ դրսեւորուած դիրքորոշմամբ Հայաստան ցոյց տուաւ, որ եւրոպական արժէքները անկեղծօրէն կիսող պետութիւն է: Ատոր ապացոյցներէն է նաեւ այն, թէ ինչպէս հայերը Փարիզի ահաբեկչութենէն անմիջապէս ետք հաւաքուեցան սգալու զոհերու յիշատակը ու դատապարտելով կատարուածը: Անոնց մէջ էր նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ մասնակցեցաւ Ֆրանսայի դեսպանատան առջեւ իրականացուող մոմավառութեան:

Շարլ Ազնաւուր, որուն ծնողները Հայոց ցեղասպանութենէն ետք գաղթած էին Եւրոպա, ըսած է, որ «Միշտ կը կանգնի անոնց կողքին, որոնք կը թակեն դռները, այլ ոչ թէ անոնց, որոնք կը փակեն ատոնք»: Ես կը հաւատամ, որ այս խօսքերը կ’արտացոլեն այն զգացողութիւնները, որոնք կ’ունենան շատ հայեր եւ եւրոպացիներ` բախուելով այն մարդոց, որոնք կը փախչին պատերազմէն` փորձելով փրկել սեփական կեանքը: Ասոնք հէնց այն եւրոպական արժէքներն են, որոնք կը միաւորեն մեզ` սկսած Իրլանտայի ժայռերէն մինչեւ Հայկական լեռները»,- կը  գրէ Օչոան:

Scroll Up