«Ապագայ» Համաժողովի Մասնակից. Հայուն Երբեք Չի Լքեր Վերադառնալու Եւ Հայրենիքը Շէնացնելու Գաղափարը
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան, «Իմաստ» ընկերակցութեան համագործակցութեամբ Նոյեմբեր 27-29 Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Հայ երիտասարդներու «Ապագայ»` երկրորդ համահայկական համաժողովը, որուն ընթացքին հետաքրքիր ելոյթներով հանդէս եկան Հայաստանի, Սփիւռքի, Արցախի ու Ջաւախքի երիտասարդական կառոյցներու ներկայացուցիչներ: Համաժողովի եւ Մոսկուայի հայ երիտասարդներուն առնչուող տարբեր հարցերու շուրջ «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը զրուցած է Մոսկուայի երիտասարդական բարեգործական կազմակերպութեան հիմնադիր-նախագահ Պապին Ապրոյեանի հետ:
– Պապի՛ն, պատմէք խնդրեմ ձեր կազմակերպութեան ստեղծման, առաքելութեան եւ հիմնախնդիրներուն մասին:
– Մեր կազմակերպութիւնը պաշտօնապէս արձանագրուած է 2012 թուականին: Մենք կ’օգնենք երեխաներուն: Աշխատակազմը բաղկացած է 15 հոգիէ, իսկ անդամները մօտ 150 հոգի են, որոնց գերակշիռ մասը հայեր են: Մեր նպատակը, գերխնդիրը մարդոց, այս պարագային` երիտասարդներու մէջ, գթասրտութեան, բարեսրտութեան զգացում զարգացնելն է: Աշխարհի մէջ պակսած է սէրը, իսկ առանց սիրոյ որեւէ մեծ արժէք չի ստեղծուիր, առանց սիրոյ մեր մոլորակը դատապարտուած է կործանման: Մեր կազմակերպութեան մէջ ընդգրկուած մարդոց շարքերուն մէջ չկայ ցեղային, կրօնական որեւէ խտրականութիւն. կարեւորը մարդկային գործն է, մեր կազմկերպութեան հիմնասիւնը բարութիւնն է:
– Որ՞ն է ձեր կազմակերպութեան յիշարժան եւ ամենամեծ ձեռնարկը:
– Քանի որ ես ամէնէն առաջ հայ եմ, յետոյ` սահմաններ չճանչցող բարեգթութեան հիման վրայ ստեղծուած կազմակեպութեան ղեկավար, ուստի ինծի ամէնէն առաջ կը հետաքրքրէ աշխարհի բոլոր ծագերուն մէջ ապրող հայերու, հայկական համայնքներու, գաղութներու ճակատագիրը: Այդ առումով պէտք է առանձնացնել Քեսապի համար կազմակերպուած մեր մարդասիրական օգնութիւնը: Չեմ կարող չնշել մեր կազմակերպութեան շարք մը ձեռնարկներ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Այդ առիթով մենք թողարկեցինք հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ խաչի պատկերով 100 շապիկ, ինչպէս նաեւ` յիշեցում, որ 1915-ին թուրքերը սպաննած են 1,5 միլիոն անմեղ հայերու: 100-րդ տարելիցի առիթով տպագրած ենք Հայոց ցեղասպանութեան մասին տեղեկատուական թերթիկներ, որոնք սփռած ենք ողջ Մոսկուայի մէջ: Մեր կազմակերպութեան երիտասարդները ատոնք բաժնած են յատկապէս մարդաշատ վայրերու մէջ` հրապարակներու, մեթրոյի կայարաններու մուտքերու մօտ. այդ թերթիկներուն վրայ յղում կար համացանցի «Հայերու ցեղասպանութիւնը 1915թ.» կայքին: Այս խոշոր ձեռնարկներէն բացի մեր կազմակերպութիւնը մասնակցած է բազմաթիւ փառատօններու, միջազգային, համառուսական մրցոյթներու, այցելած մանկատուներ, օգնած սահմանափակ կարողութիւններ ունեցող երեխաներու` առանց ազգային խտրականութեան:
– Ին՞չ տուաւ Ձեզի այս համաժողովը, ի՞նչ է Ձեր կարծիքով համաժողովի առանցքային կարեւորութեան հարցը, որուն շուրջ կրնան համախմբուիլ ու համագործակցիլ աշխարհի բոլոր հայ երիտասարդները:
– Համաժողովը աշխարհով մէկ սփռուած եւ Հայաստանի մէջ ապրող հայ երիտասարդներու համար շփուելու, իրար ճանչնալու, կարծիքներ փոխանակելու հրաշալի հարթակ է, սակայն առանցքային կարեւորութեան հարցերը ընդունուած, իրական գործողութիւններն են, որպէսզի կարենանք յաջորդ համաժողովին ժամանակ զեկուցել արդէն իրականացուած աշխատանքներուն մասին, որոնց առումով` 2-րդ համաժողովին ձեռք բերինք պայմանաւորուածութիւն:
– Պապի՛ն, երբեւէ մտածա՞ծ էք մշտապէս ապրիլ Հայրենիքի մէջ:
– Ես կը կարծեմ, որ այդ երազանքը, ցանկութիւնը իւրաքանչիւր հայ կը կրէ իր սրտին մէջ, եւ իւրաքանչիւր հայու երբեք չի լքեր Հայրենիք վերադառնալու եւ Հայրենիքը շէնացնելու գաղափարը:
Կարինէ Աւագեան