«Ապագայ» Հայ Երիտասարդներու Երկրորդ Համաժողովի Յայտարարութիւնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/11/Hamajoxov.jpg)
Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի երիտասարդներու «Ապագայ» խորագիրով երկրորդ համաժողովի մասնակիցներս, ընդգծելով համաժողովի կարեւորութիւնը եւ կառուցողական բնոյթը, կ’արձանագրենք, որ`
- Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ գործող հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւնները կարեւոր դերակատարութիւն ունին հայապահպանութեան, հայ ինքնութեան, մայրենի լեզուի, մշակոյթի, ազգային աւանդոյթներու պահպանման, կրթամշակութային եւ մտաւոր ներուժի վերարտադրման գործին մէջ եւ այսուհետեւ պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքները այս ուղղութիւններով:
- Հայկական համայնքային երիտասարդական կազմակերպութիւններու գործունէութեան եւ անոնց ներուժի համախմբման գործընթացին մշտապէս պէտք է սատար կանգնի ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, համահայկական եւ համայնքային կառոյցները այսուհետեւ եւս պէտք է շարունակեն իրենց աջակցութիւնը երիտասարդներուն` ներկայ մարտահրաւէրներուն դիմակայելու համար:
- Տարբեր ոլորտներու մէջ աշխատող հայազգի աշխոյժ երիտասարդներու ներուժի համախմբումը եւ ներգրաւումը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ առկայ սոցիալ-տնտեսական եւ կրթամշակութային խնդիրներու լուծման գործընթացին դարձած է օրակարգային խնդիր, եւ մենք պէտք է գործնական քայլեր ձեռնարկենք այդ ուղղութեամբ:
- Ներկայ պայմաններուն մէջ առանձնակի կարեւորութիւն կը ստանայ երիտասարդական կազմակերպութիւններու գործուն աջակցութիւնը եւ մասնակցութիւնը համազգային խնդիրներու լուծման.
– Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի արդարացի լուծման,
– Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման պայքարին,
– Հայոց պետականութեան ամրապնդման,
– Սփիւռքի մէջ ուծացման դէմ պայքարին, հայոց լեզուի իմացութեան եւ օգտագործման, հայկական պատմամշակութային արժէքներու եւ աւանդոյթներու պահպանման,
– երիտասարդներու համագործակցութեան արդիւնքով բազմապիսի ծրագիրներու իրականացման (զբօսաշրջութիւն, սպասարկման ոլորտ, գործարարութիւն, տեղեկատուական տեխնոլոգիաներ եւ այլն):
- Համաժողովի մասնակիցներս կարեւոր կը համարենք գործող հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւններու աւելի աշխոյժ մասնակցութիւնը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող երիտասարդական ծրագիրներուն եւ ձեռնարկներուն:
- Համաժողովի մասնակիցները կը նշեն, որ նման համաժողովները մեծ խթան են Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կապերու, հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւններու գործակցութեան ամրապնդման, սփիւռքեան երիտասարդական կազմակերպութիւններու գործունէութեան աշխուժացման համար:
- Մենք կը հաստատենք մեր յանձնառութիւնը երկու տարին անգամ մը կամակերպելու նման համահայկական երիտասարդական համաժողովներ:
Յայտարարութիւնը ընդունուած է Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ գործող հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու երկրորդ համաժողովի մասնակիցներուն կողմէ:
28 Նոյեմբեր 2015թ., ք Երեւան