Տեղի Պիտի Ունենայ Ամերիկահայ Բանաստեղծուհի Սոնա Վանի Գիրքերի Շնորհանդէսը

Նոյեմբեր 26-ին, ժ.16:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ ամերիկահայ բանաստեղծուհի Սոնա Վանի «Լիպրեթօ անապատի համար» գիրքի շնորհանդէսը (հասցէն` Վ.Սարգսեան 26/1, Էրեբունի պլազա բ/կ, 9-րդ յարկ, «Էրեբունի» սրահ): Հեղինակը գիրքը նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս պիտի գայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Բանաստեղծուհիի նոր գիրքի մասին զեկուցումներով հանդէս պիտի գան գրականագէտներ Սերժ Սրապիոնեան եւ Դաւիթ Գասպարեան:

Ձեռնարկին աւարտին համերգային ծրագիրով հանդէս պիտի գան Սիլվա Եուզպաշեան եւ «Ծաղկազարդ» համախումբը:

Scroll Up