ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Մոնթեպելոյի (ԱՄՆ) Պատուիրակութիւնը

Նոյեմբեր 23-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Մոնթեպելոյի (ԱՄՆ) քաղաքապետ Ճէք Հաճինեանը եւ ՀՅԴ Արեւմտեան ափի կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ Հայ Դատի խորհուրդի անդամ Լեւոն Կիրակոսեանը:
Ողջունելով հիւրերը` նախարարը շնորհաւորեց Ճէք Հաճինեանը վերջերս Մոնթեպելոյի քաղաքապետի պաշտօնին վերընտրուելու առիթով եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ հայ երիտասարդը օտար երկրի մէջ կրցած է հասնիլ նման բարձր եւ պատասխանատու պաշտօնի:
«Հայութեան համար մեծ հպարտութիւն է ամերիկեան կառավարական կառոյցներում տեսնել իր հայրենակիցներին. դա ազգային հպարտութեան ազդակներ է հաղորդում նրանց եւ աւելի ամրապնդում ազգային արմատների եւ ինքնութեան հետ նրանց կապը: Հետեւաբար մեծապէս կարեւորում եմ յատկապէս երիտասարդութեան հետ տարուող աշխատանքը, մանաւանդ որ այսօր գլոբալացուող աշխարհն ամենեւին չի նպաստում ազգային ինքնութեան պահպանմանը»,- ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան` յորդորելով աւելի նպատակասլաց եւ արդիւնաւէտ աշխատիլ երիտասարդութեան հետ:
Նեկայացնելով Մոնթեպելոյի հայ համայնքը` Ճէք Հաճինեան ըսաւ, որ այն Լոս Անճելըսի շրջանի ամենահին քաղաքն է, ունի 62500 բնակչութիւն, որմէ 7000 հայ է: Կը գործեն Հայկական Առաքելական Սբ. Խաչ եկեղեցին, Մեսրոպեան ազգային վարժարանը, աշխուժօրէն կ’աշխատին Հայ դատի յանձնախումբը, ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ- մասնաճիւղերը: Այստեղ 1968-ին կանգնեցուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթող: Նշանակալի է նաեւ, որ Մոնթեպելոն քոյր քաղաք հռչակուած է Ստեփանակերտի հետ, եւ այս այցի ծիրէն ներս համատեղ գործունէութեան լայն ծրագիրներ մշակուած են:
Այնուհետեւ, զրոյցը ընթացաւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն շուրջ: Հրանոյշ Յակոբեան հիւրերուն ծանօթացուց նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն եւ յոյս յայտնեց, որ Մոնթեպելոյի հայութիւնը, ունենալով հայ քաղաքապետ, աւելի աշխոյժ մասնակցութիւն կ’ունենայ ատոնց:
Երկուստեք շեշտուեցաւ, որ անհրաժեշտ է ամէն ինչ ընել ամրապնդելու վստահութիւնը իրարու նկատմամբ, քանի որ փոխադարձ վստահութիւնը արդիւնաւէտ ծրագիրներ իրականացնելու գրաւականն է: