«Մանկական Եւրոտեսիլ 2015». Հայաստան Երկրորդ Տեղը Գրաւեց. Տեսանիւթ
Notice: get_currentuserinfo is deprecated since version 4.5.0! Use wp_get_current_user() instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3839
«Մանկական եւրոտեսիլ 2015» միջազգային մրցոյցին յաղթեց Մալթայի ներկայացուցիչ Տեսթինի Չուկունյերէն «Not My Soul» («Ոչ իմ հոգին») երգով: Հայաստան գրաւեց երկրորդ հորիզոնականը: «Մանկական եւրոտեսիլ-2015»ի հայաստանեան ներկայացուցիչ Միքան (Միքայէլ Վարոսեան) ելոյթ ունեցաւ 11 համարի ներքոյ` ներկայացնելով «LOVE» խորագիրը կրող երգը:
<Միքան Մալթայի ներկայացուցիչին զիջեց ընդամէնը 9 միաւորով, փոխարէնը սէր ու բարձր տրամադրութիւն փոխանցեց հանդիսատեսին եւ վստահաբար կը յիշուի մանկական եւրոտեսիլի պատմութեան մէջ>,- ըստ <Հայերն այսօր>-ի` կը գրէ Առաջին ալիքը իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ:
Միքան ստացաւ 12 միաւոր Վրաստանէն, Հոլանտայէն, Ռուսաստանէն, Պելառուսէն, 10 միաւոր Սերպիայէն, Սլովենիայէն, Աւստրալիայէն, Մակետոնիայէն, Պուլկարիայէն, Սան Մարինոյէն, Ալպանիայէն, 8 միաւոր Իրլանտայէն, Ուքրանիայէն, 7 միաւոր Մալթայէն, Մոնթենեկրոյէն, 6 միաւոր Իտալիայէն: Եւրոպական հեռարձակողներու միութիւնը բոլոր երկիրներու երգիչ երգչուհիներուն 12 միաւոր շնորհեց: Մանկական ժիւրին Միքային տուաւ 10 միաւոր:


Արևելահայերեն
Русский
English








