Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկը Փարիզի Մէջ Նոր Ցուցադրութիւն Ներկայացուցած Է

Նոյեմբեր 5-ին Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ` ցուցադրութիւն եւ գիրքերու բարեգործական վաճառք: Ֆրանսահայ համայնքին ներկայացուած են փոստային բացիկներ, որոնց վրայ պատկերուած են հայկական եկեղեցիներ: Բացիկները թողարկուած են 20-րդ դարասկիզբին միջազգային փոստային ծառայութեան կողմէ, կը տեղեկացնէ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի պաշտօնական կայքը:

Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ տպագրուած բացիկներու մէջ պատկերուած էին Արեւմտեան Հայաստանի, Իրանի, Ռուսաստանի, Վրաստանի, Հայաստանի եւ այլ երկիրներու հայկական եկեղեցիները:

«Եկեղեցիներու մեծ մասը չկայ: Սա է ցաւալի իրողութիւնը եւ ցուցադրութեան խորհուրդը ` կապուած այս տարուան հետ: Ատոնք աւերուած են Եղեռնի տարիներուն կամ ատկէ յետոյ թրքական քաղաքականութեան հետեւանքով, նպատակաուղղուած աւերուած են բոլշեւիկեան իշխանութեան օրօք: Հրաշքով պահպանուած եկեղեցիներու շէնքերու նախնական տեսքը կը տեսնէք: Ատոնք այսօր փոփոխուած են: Կա′մ վերածուած են մզկիթի, ինչպէս Այնթապի եկեղեցին, կա′մ ալ ամբողջութեամբ փոփոխուած են, ինչպէս օրինակ Երեւանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին է:  Աւաղ, այս եկեղեցիներու մեծ մասը ժամանակի զոհը դարձած են», – ելոյթին ժամանակ նշած է ՀՑԹԻ տնօրէն Հայկ Դեմոյեան:

Ձեռնարկի ընթացքին հնարաւոր եղած է ձեռքբերել ՀՑԹԻ հրատարակած գիրքերը: Ատոնց վաճառքէն ստացուած գումարը պիտի յատկացուի սուրիահայերու նպաստամատոյցին: Ցուցադրութիւնը բաց է մինչեւ Նոյեմբեր 22:

Scroll Up