Իտալիոյ մէջ պիտի ցուցադրուին Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու եզակի ժապաւէններ

1915թ. Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու եզակի շարժանկարները կը ցուցադրուին Յուլիս 2-ին Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքին մէջ` Cinema Ritrovato («Վերաբացուած սինեմա») 29-րդ փառատօնի ծիրէն ներս:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Մետիամաքսը»` Ֆրանս Փրէս գործակալութեան յղմամբ, պատմական արժէքաւոր այս աղբիւրը բացայայտուած է պատահականօրէն ԱՄՆ Քոնկրէսի գրադարանին մէջ: Համր ֆիլմերէն մէկը կը թուագրուի 1923 թ.-ով եւ կը ներկայացնէ Թուրքիոյ մէջ նաւերով տարուող հայ երեխաներու եւ ճանապարհներու ամբողջ երկայնքին փախստականներու պատկերներ:

Փառատօնի ծիրէն ներս պիտի ցուցադրուին նաեւ Համօ Պեկնազարեանի «Նամուս» (1925թ.), Սերգէյ Փարաջանովի «Սայաթ Նովա» (1969թ.) եւ Հենրիկ Մալեանի «Նահապետ» (1980թ.) ֆիլմերը:

Իբրեւ եզակի վաւերագրական ֆիլմ փառատօնին  պիտի ցուցադրուի նաեւ ֆրանսական բանակի նկարահանած 5-վայրկեաննոց ժապաւէնը, որ կը ներկայացնէ հայ փախստականները Եգիպտոսի Փորթ Սաիտի ճամբարներուն մէջ:

Սակայն փառատօնի «գոհարը» կը համարուի «Հայաստան` մարդկութեան օրրան» 4-վայրկեաննոց ֆիլմը` նկարահանուած Թուրքիոյ մէջ անմիջապէս ջարդերէն յետոյ:

Scroll Up