ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Իսրայէլցի Անուանի Հայագէտ, Փրոֆէսոր Մայքլ Սթոունը

Նոյեմբեր 17-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց իսրայէլցի անուանի հայագէտ, Հրէական համալսարանին կից հայագիտական ամպիոնի հիմնադիր եւ երկարամեայ ղեկավար, փիլիսոփայութեան դոկտոր, փրոֆէսոր Մայքլ Սթոունը:

Նախարարը ջերմօրէն ողջունելով հիւրը` ընդգծեց անոր մեծ վաստակը հայագիտութեան զարգացման ասպարէզին մէջ, ինչպէս նաեւ վաղ քրիստոնէական բանասիրութեան ու աղբիւրագիտութեան ոլորտին մէջ անոր մենագրութիւններու, գիտական  ուսումնասիրութիւններու եւ թարգմանութիւններու կարեւորութիւնը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով Հրանոյշ Յակոբեանին ջերմ ընդունելութեան համար` փրոֆէսոր Մայքլ Սթոունը տեղեկացուց, որ թէեւ ինք հանգստեան կոչուած է, սակայն կը շարունակէ դասախօսական եւ գիտական աշխատանքները հայագիտութեան ոլորտին մէջ եւ ներկայիս Հայաստան եկած է Մատենադարանին մէջ աշխատելու իր նոր ուսումնասիրութեան վրայ: Այն նուիրուած է հայ ժողովուրդի կեանքին, անոր մշակոյթի եւ բանահիւսութեան մէջ Աստուածաշունչի ունեցած դերին:

Նախարարը ողջունեց փրոֆէսոր Սթոունի մտադրութիւնը հայագիտական հետազօտութիւնները շարունակելու վերաբերեալ եւ յոյս յայտնեց, որ հանգիստի կոչուիլը չի պակսեցներ անոր նուիրումը իր հիմնադրած գործին:

Փրոֆէսոր Սթոուն վստահեցուց, որ ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի Հրէական համալսարանի հայագիտական ամպիոնը շարունակէ աշխատանքները: Ըստ անոր, ներկայիս  ամպիոնին մէջ հայերէն կ’ուսումնասիրէ 30 ուսանող, կան որակեալ դասախօսներ, ամէն տարի այնտեղ 6-շաբաթեայ արագացուած դասընթացներ կ’իրականացուին նշանաւոր հայագէտ, Հարվարտի համալսարանի փրոֆէսոր Ճէյմս Ռասելը, կը հրաւիրուին նաեւ այլ անուանի արեւելագէտներ:

Այնուհետեւ զրոյցը ընթացաւ հայ-իսրայէլական գիտամշակութային յարաբերութիւններու եւ ժամանակակից հայգիտութեան վիճակին առնչուող հարցերու շուրջ:

a-1

Scroll Up