Ուրուկուէյին յատուկ յուշամետալ կը շնորհուի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աջակցելուն համար
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աջակցելուն համար Ուրուկուէյի կառավարութիւնը ու ժողովուրդը յատուկ յուշամետալ կը ստանան, ըստ Tert.am-ի` կը տեղեկացնէ Radio Monte Carlo-ն:
Ուրուկուէյի մէջ Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկները համակարգող յանձնաժողովը յուշամետալը կը շնորհէ երկրի նախագահ Թապարէ Վասկեսին:
Այս առթիւ կը պարգեւատրուի նաեւ ուրուկուէյցի քաղաքական գործիչ, լրագրող Ուաշինկթօն Պելտրան Մուլինը, որ 1965-ին նախագահած է երկրի կառավարութեան Ազգային խորհուրդը, երբ ներկայացուած է «Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման օր» սահմանելու մասին օրէնքը: