Թեհրանի մէջ կայացած է Ցեղասպանութեան մասին «Անիծեալ տարիներ» գիրքի պարսկերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը

Իրանահայ ժողովրդավարական ուժերու համադրող մարմնի նախաձեռնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս Նոյեմբեր 7-ին Թեհրանի մէջ կայացած է արեւմտահայ գրող-երգիծաբան Երուանդ Օտեանի «Անիծեալ տարիներ» գիրքի պարսկերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը: Այս մասին «Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ` կը յայտնէ իրանահայ «Արաքս» գրական-մշակութային պարբերականը: Իրանահայ համայնքէն ներս աննախադէպ այս ձեռնարկին ներկայ եղած են իրանցի եւ իրանահայ յայտնի գրականագէտներ, գրողներ:

«Անիծեալ տարիներ» (1918—1919) յուշագրութիւններու գիրքը հրատարակուած է 1100 տպաքանակով, պարսկերէն թարգմանուած է իրանահայ թարգմանիչ Անդրանիկ Խեչումեանի կողմէ:

«Հայոց ցեղասպանութիւնը այսօր եւս կը շարունակուի», միայն թէ այլ տեսքով` մշակութային եւ պատմական ժառանգութիւններու աւերումով, հայկական հետքերը մաքրելով»,- ըսած է ձեռնարկի բանախօս, գրող, թարգմանիչ եւ լրագրող Ասատոլլահ Ամրային:

Թարգմանիչ, գրաքննադատ, գիտաշխատող եւ դասախօս Ապտոլհոսէյն Ֆարզատին նշած է, որ Օտեանի յուշերը ամբողջութեան մէջ հայութեան ապրած ցաւերն ու տանջանքներն են, որոնցմէ իւրաքանչիւրը անհերքելի  փաստ մըն է օսմանցիներուն դատապարտելու համար:

«Երբ  պահ մը կը մտածեմ, որ Ցեղասպանութեան ենթարկուած մէկ ու կէս միլիոն հայերէն  քանի մը հոգի Անդրանիկ Խեչումեանի նման մարդիկ  եղած են, մեծ ցաւ կը պատէ սիրտս: Ու շատ կը ցաւիմ, որովհետեւ միշտ կը մտածեմ որ բոլոր հայերը Անդրանիկի նման են»,- ըսած է գրող, դրամատուրգ, սենարիստ Ապաս Ճահանգիրեան:

«Օսմանցիները հաւատացած էին, թէ ով կ’ապրի իրենց իշխանութեան ներքոյ, կամ թուրք է, կամ պիտի ընդունի որ թուրք է: Եւ այսօր ալ քիւրտերու վիճակը Թուրքիոյ մէջ գրեթէ նոյնն է, ինչ «Անիծեալ տարիներ» գիրքին մէջ կը յիշատակէ Օտեան հայերու մասին: Այսինքն, երբ կ’ըսեն Թուրքիա, նկատի ունին, որ այնտեղ ապրողները, բոլորը անխտիր, թուրք են», – շնորհանդէսին ըսած է դրամատուրգ, թարգմանիչ եւ բեմադրիչ Ասղար Նուրին:

Ձեռնարկին ընթացքին, իրաւաբան Ժոզէֆ Ամիրեան համառօտ կերպով ներկայացուցած է իրանահայ հասարակական գործիչ Արամայիս Միրզախանեանի կենսագրականը, որուն յիշատակին հրատարակուած էր գիրքը: Ծրագիրի աւարտին հիւրերը ստորագրած են օրուան նուիրուած յատուկ պաստառին:

Իրանահայ ժողովրդավարական ուժերու համադրող մարմինը կեանքի կոչուած է եւ կը հովանաւորուի Թեհրանի Հայ մարզա-մշակութային «Րաֆֆի» համալիրի, Իրանահայ ազգային եւ մշակութային միութեան, Աշխարհատեսներու հայկական կեդրոնի, անկախ մտաւորականներու, «Իրանահայեր» լրատուական կայքէջի եւ «Արաքս» շաբաթաթերթի կողմէ:

Scroll Up