Տեղի ունեցաւ Սոնա Յարութիւնեանի` «Հայոց ցեղասպանութեան թեման իտալական գրականութեան մէջ» դասախօսութիւնը

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուէրով իրականացուած հետազօտութեան հիման վրայ Նոյեմբեր 9-10 ԵՊՀ Եղիշէ Չարենցի անուան սրահին մէջ Վենետիկի Գա’ֆոսգարի համալսարանի դասախօս Սոնա Յարութիւնեան կարդաց «Հայոց ցեղասպանութեան թեման իտալական գրականութեան մէջ» դասախօսութիւնը:
Գիրքին մէջ Վենետիկի համալսարանի փրոֆէսոր Սոնա Յարութիւնեան գրական, լեզուաբանական ու հոգեբանական տեսանկիւններէն կը վերլուծէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրածներու վկայութիւնները, ականատեսներու յիշողութիւններն ու Իտալիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող գեղարուեստական գրականութիւնը:
Աշխատութիւնը նաեւ կրնայ օրինակ հանդիսանալ` ուսումնասիրելու միւս երկիրներու Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող գրականութեան պատկերը` դառնալով անհրաժեշտ գործիք յետագայ համեմատական աշխատանքի համար, որուն արդիւնքով հնարաւորութիւն կ’ընձեռուի ստանալու Սփիւռքի առաւել լիարժէք պատկերը, ինչպէս նաեւ արժանի յարգանքի տուրք մատուցելու Ցեղասպանութիւնը վերապրածներուն: