«Հայրենիքը հայութեան, հայոց լեզուի մատենադարանն է».Սերժ Մոմճեան

Մեծ Բրիտանիայէն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ հիւրընկալուած էր մեր հայրենակից, լրագրող ու վիպագիր Սերժ Մոմճեան իր տիկնոջ` Նուէր Գէորգեանի հետ: Ստորեւ կը ներկայացնենք «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցի հարցազրոյցը գրողին հետ:
-Պարո՛ն Մոմճեան, պատմէք խնդրեմ Ձեր ստեղծագործական կեանքի, անցած ճանապարհներու, 5 «հոգեզաւակներու»` Ձեր վէպերու մասին:
– Սիրո՛վ: Ես ծնած եմ Լիբանան, սակայն 1975թ. քաղաքացիական պատերազմի պատճառով տեղափոխուած եմ Ֆրանսա` Փարիզ, այնուհետեւ` Մեծ Բրիտանիա` Լոնտոն: Փարիզի մէջ ապրած տարիներուս կապուած եղած եմ «Յառաջ» թերթին, իսկ Լոնտոնի մէջ թղթակցած եմ «Daily star» օրաթերթին, որուն թղթակիցը եղած եմ դեռեւս Լիբանանի մէջ: Զբաղած եմ լրագրութեամբ եւ ստեղծագործած եմ 40 տարեկանիս` գրելով 5 վէպ: Կը գրեմ անգլերէնով, սակայն կը փափաքիմ վերջին գործս`«Կոմիտաս. Արուեստագէտը եւ Զոհը» թարգմանել հայերէնի: Գիրքը բաղկացած է 222 էջէ, ունի 22 գլուխ, այն տպագրած եմ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով: Այս գործը կը ներկայացնէ Կոմիտասի երաժշտական գործունէութիւնը եւ ստեղծագործական կեանքի 3 կարեւոր կէտերը` բախումը իր եւ եկեղեցւոյ միջեւ, իր իւրայատուկ յարաբերութիւնը Մարգարիտ Պապայեանի հետ եւ հոգեկան աստիճանի հասած հիւանդութիւնը:
– Փաստեր կան, որ Կոմիտաս հոգեկան խանգարում չէ ունեցած , Ձեր վէպին մէջ անդրադարձա՞ծ էք այդ հարցին:
– Ատոնք, հարկաւ, ճիշդ են: Մեծ երգահանը ականատես չէ եղած ջարդի տեսարանին, քանի որ մինչեւ Հայոց ցեղասպանութիւն անոր արդէն աքսորած էին: Աքսորի ճանապարհին երկու անգամ թուրք ժանտարմներէն հարուածներ ստացած էր: Բնականաբար, այդ սարսափելի աքսորը, Հայոց ցեղասպանութեան անօրինակ ոճիրը պէտք է ցնցէին բոլորին, ինչպէս նաեւ` Կոմիտասին, սակայն ան մտագար չէր, այնքան խելագար չէր, որ տանէին հոգեբուժարան: Առաջին աքսորէն յետոյ, երբ վերադարձաւ, տարին թրքական զինուորական հոգեբուժարան, ուր ան շատ անապահով կը զգար: Երկրորդ անգամ եղած է Փարիզի հանգստեան եւ հոգեբուժական հիւանդանոցին մէջ, 3-րդ անգամ իր ընկերները` Արշակ Չոպանեան, Մարգարիտ Պապայեան, Փոլ Քոլոլեան (Փոլը հոգեբան-բժիշկ էր) ստեղծեցին կոմիտէ մը, որպէսզի այդ միջոցով Կոմիտասին տեղաւորեն աւելի արժան հիւանդանոցի մէջ, որ դարձեալ հոգեբուժարան էր… Կոմիտաս չէր ուզեր երթալ հոգեբուժարան: Թերեւս երգահան-բանաստեղծը ունէր հոգեկան որոշակի, չնչին խնդիրներ, սակայն հոգեբուժարանէն ներս ատոնք աւելի շատցան: Եթէ ան իր շրջապատ վերադառնար, կամաց-կամաց պիտի կազդուրուէր, սակայն 3-րդ անգամ հոգեբուժարանին մէջ պառկիլը, բուժում ստանալը անոր մահուան հասցուց:
– Ես կը տեսնեմ, թէ որքան ուսումնասիրած էք մեծ երգահանի, բանաստեղծի, բանահաւաքի, մանկավարժի կեանքի այդ մանրամասները. այդ է՞ գիրքի առանցքը:
– Գիրքը ամբողջութեամբ առանցքային է` իր բոլոր բաժիններով: Ես գրած եմ այն մասին, թէ ինչպէս Կոմիտաս յաջողեցաւ ստեղծել նոր երաժշտական փիլիսոփայութիւն եւ դառնալ հոգեւոր ոգեշնչման աղբիւր ` վերականգնելու եկեղեցական երաժշտութիւնը` միշտ դիմագրաւելով կղերականութեան քննադատութիւններն ու արգելքները: Վայելելով Գէորգ Դ կաթողիկոսի եւ Խրիմեան Հայրիկի սէրն ու քաջալերութիւնը` հայ ժողովուրդի երկար տարիներու չարչարանքը Կոմիտասին մղեց հայ երաժշտարուեստը հասցնելու բարձր չափանիշներու: Ներկայացուցած եմ Կոմիտասը իբրեւ արուեստագէտ ու զոհ, որ ազատուած էր մահուան ճամբարէն, սակայն կրած տառապանքները անոր կը տանին տարբեր հոգեբուժարաններ, ուր կ’անցնէ 20 տարի: Գրած եմ Կոմիտասի եւ Մարգարիտ Պապայեանի երկարամեայ բարեկամութեան մասին: Գիրքին մէջ զետեղած եմ հատուածներ Կոմիտասի դասախօսութիւններէն, Մարգարիտին ուղղուած նամակները, Աւետիք Իսահակեանի խօսքը Կոմիտասի մահուան առիթով: Երկար աշխատած եմ գիրքին վրայ եւ յոյս ունիմ, որ ընթերցողներուն այն շատ պիտի հետաքրքրէ:
– Պարո՛ն Մոմճեան, խօսինք նաեւ Ձեր միւս վէպերուն մասին:
– Իմ առաջին վէպս կը կոչուի «Հակամարտութիւններու շարժառիթներ», 2-րդը կը կոչուի «Անտեսանելի գիծը», 3-րդը վերնագրած եմ «Օփերայի երգչուհին»: Այս վէպը շատ հետաքրքրական է, յուզական. գլխաւոր հերոսուհին իտալացի նշանաւոր երգչուհի է, որ անձնական կեանքին մէջ դժբախտ եղած է եւ մեծ տառապանքներ կրած: Ան իր կեանքը նմանցուցած է մատամ Պաթերֆլայի կեանքին: Ճիշդ նոյն ձեւով կ’ընթանայ իմ հերոսուհիիս կեանքը, որ կ’աւարտէ բեմին վրայ. հերթական ներկայացման ժամանակ երգելուն` օփերայի երգչուհին կ’իյնայ բեմին վրայ ու կը մահանայ: Յաջորդ գիրքս վերնագրած եմ «Անցեալի յիշողութիւններ». ատիկա ջարդէն փրկուած Վարդան Աբէլեանի պատմութիւնն է, որ ջարդի ժամանակ հօրն ու մօրը կորսնցնելէն յետոյ կը տեղափոխուի Եգիպտոս, յետոյ ` Ամերիկա: Ըլլալով ակումբներու մէջ` կը լսէ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան մասին, այնուհետ, օր մը օրերէն, շատ տարիներ անց կ’իմանայ, որ իր մայրը ողջ է տակաւին եւ իսլամացած քիւրտ է ու կ’ապրի Արեւելեան Թուրքիոյ մէջ: Ան կ’երթայ այնտեղ, կը գտնէ մօրը: Մէկ խօսքով` այս վէպը հայութեան ճակատագրի դաժան պատմութեան, Ցեղասպանութեան հետեւանքով աշխարհով մէկ սփռուած հայերու ոդիսականն է:
– Պարո՛ն Մոմճեան, Ձեր վէպերը հասանելի ե՞ն հայաստանեան ընթերցողներուն, կա՞ն վաճառքի մէջ:
-Առ այժմ` ոչ, սակայն մինչեւ Նոր տարի կը կազմակերպենք այդ աշխատանքը: Վերջին գիրքի առիթով մենք դիմած ենք «Բուկինիստ», «Գրափունջ», «Արթ Պրիճ» գրատուները: Դուրսէն կը ստանան գիրքս, եւ տեղի ընթերցողները կրնան ատոնք գնել Նոր տարուընէ յետոյ:
–Ին՞չ յաճախականութեամբ կ’այցելէք Հայաստան:
-Անկախութենէն ի վեր` առաջին անգամ կու գամ Հայաստան, իսկ Խորհրդային տարիներուն երկու անգամ եկած եմ: Եկած եմ, որ տեսնեմ անկախ Հայաստանը. ես եւ տիկինս շատ տպաւորուած ենք: Հայաստանի, Երեւանի մէջ շատ փոփոխութիւններ կան դրական առումով, ժողովուրդը շատ ջերմ է , սիրալիր եւ հիւրասէր:
– Ձեր կուրծքին կը տեսնեմ Սփիւռքի նախարարութենէն ստացած «Ուիլեամ Սարոյեան» մետալը, որուն առիթով սրտանց կը շնորհաւորեմ. ի՞նչ զգացողութիւն ունեցաք մետալը ստանալուն եւ յետոյ:
– Այս մետալով պարգեւատրեց ինծի ՀՀ սփիւռքի նախարար յարգարժան տիկին Յակոբեան: Ինծի համար շատ մեծ խորհուրդ ունի մեծն Սարոյեանի մետալով պարգեւատրուիլը: Այժմ ես աւելի պարտաւորուած կը զգամ եւ հպարտ եմ, որ Ուիլեամ Սարոյեանի յաջորդներէն եմ:
– Մտադրութիւն ունիք օր մը օրերէն մշտական բնակութեան տեղափոխուիլ հայրենի՞ք:
– Անշու՛շտ: Այս այցիս Հայաստանի մէջ նաեւ փոքրիկ տուն մը գնելու մտադրութիւն ունէի: Լիբանան իմ եւ կնոջս ծննդավայրն է, սակայն ապահով ու յուսալի չէ այնտեղ, անգլիացիները պաղ ժողովուրդ են, Լոնտոնի մէջ շատ պաղ են մարդկային յարաբերութիւնները: Տուն մը պէտք է գնեմ Հայրենիքիս մէջ եւ ընտանիքով տեղափոխուինք: Մէկ զաւակ ունիմ, որ կ’ուսանի Լոնտոնի համալսարանին մէջ. ան համացանցի նորութիւններուն կը հետեւի եւ, ցաւօք, դրական բան չի կարդար Հայաստանի մասին, կայքերը կը պղտորեն մարդոց սրտերը: Պիտի հոգամ, որ յաջորդ անգամ տղուս հետ գամ Հայաստան, որպէսզի ան իր աչքով ու սրտով տեսնէ ամէն ինչ:
– Ինչ է ձեզի համար հայրենիքը՞:
-Մեզի համար այն մեր յոյսն է, մեր հանգրուանը: Հայրենիքը հայութեան, հայոց լեզուի մատենադարանն է: Հայրենիքը ինծի համար Յովհաննէս Թումանեանն է, Րաֆֆին, Չարենցը, Պարոյր Սեւակը…
–Շնորհակալութիւ՛ն, պարոն Մոմճեան: Յոյսով եմ` յաջորդ տարի Հայաստան կու գաք նոր գիրքով,այս անգամ` գուցէ ոչ վէպով, այլ` անկախ Հայաստանի, Երեւանի
մասին ձեր` այս այցէն ունեցած տպաւորութիւններով:
Կարինէ Աւագեան