Ժխտողականութեան դէմ պայքարի ազգային 5րդ գիտաժողով «100 տարի ետք՝ ժխտել ցեղասպանութիւնը» թեմայով

Հոկտեմբեր 29-ին, Փարիզի Քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ժխտողականութեան դէմ պայքարի ազգային 5-րդ գիտաժողովը, որպէս թեմա ունենալով՝ «100 տարի ետք, ժխտել ցեղասպանութիւնը»:

Այս մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի Նոր Յառաջը։ Նիստը, որ կը վայելէր Արդարադատութեան նախարարուհի Քրիսթին Թոպիրայի բարձր հովանաւորութիւնը, կազմակերպուած էր ծանօթ աշխարհաքաղաքագէտ Ֆրէտէրիք Անսէլի կողմէ: Զրուցավարութիւնը ստանձնած էր ԱՅԲ-Էֆ-Էմ հայկական ձայնասփիւռի հաղորդավար Վարդան Գաբրիէլեան: Ներկայ էին շուրջ 100 մասնակիցներ, մեծամասնութեամբ Փարիզի գործարարութեան վարժարանի (Paris School of business) ուսանողներ:
Զեկուցեցին պատմաբաններ Վէնսան Տիւքլէռ, Իվ Թէրնոն եւ Գլէր Մուրատեան, լրագրող Կայծ Մինասեան եւ Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւնները Համակարգող Խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեան: Վերջինս արտայայտեց հայ համայնքի մտահոգութիւնը՝ ի տես Փէրինչէքի մասին ՄԻԵԱ-ի վճիռին, նշելով, որ “Մթնոլորտը ապառողջ է. ազատութիւնը պէտք չէ շահագործել՝ արդարացնելու համար ժխտողականութիւնը”։

Ապա տեղի ունեցաւ կլոր-սեղան մը, որու ընթացքին արտայայտուեցան Պերնար Պրունըթօ, Արմէն Գույումճեան եւ Րաֆֆի-Ֆիլիփ Գալֆայեան, որ հարցադրումի ենթարկելով ժխտողականութեան պատժելիութիւնը, հարց բարձրացուց, թէ արդեօք իսկապէս ճի՞շդ լուծում մըն է ատիկա: Այդ ուղղութեամբ տարուած քաղաքականութիւնը նպատակայարմա՞ր է: Գիտաժողովը վերջ գտաւ CCAF-ի համանախագահ Արա Թորանեանի, Կայծ Մինասեանի եւ թուրք քաղաքագէտ Ալի Քազանճըկիլի զեկուցումներով, զորս ներկայացուցին Ֆրէտէրիք Անսէլի նախագահած վերջին կլոր-սեղանի ընթացքին:

Scroll Up