Սուրիահայերուն օգնելու նպատակով բացուած «Հայաստան» հիմնադրամի դրամատան հաշիւները կը շարունակեն գործել

Սուրիահայութեան օժանդակելու նպատակով 2012թ. Օգոստոսին բացուած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի դրամային եւ արտարժութային հաշիւները, որոնք նպատակ ունին հաւաքագրուած գումարները համակարգուած ուղղել մեր հայրենակիցներու կարիքներուն, կը շարունակեն գործել:
Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամէն, առ այսօր դրամատնային հաշուին (Արդշինինուեստբանկ, ՀՀ. ք Երեւան, Գ.Լուսաւորչի 13, 0015 հ/հ No 2470100030900000 (AMD) հ/հ No 2470100030900001 (USD), SWIFT: ASHBAM22 «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամ) փոխանցուած գումարներու գերակշռող մասը ձեւաւորուած է, մասնաւորապէս, Հիմնադրամի Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, ԱՄՆ Արեւմտեան ափի, Արժանթինի, Պրազիլի, Լիբանանի, Շուէտի, Հոլանտայի տեղական մարմիններու` Հեռուստամարաթոն 2012-ի եւ 2013-ի ծիրէն ներս հաւաքագրուած գումարներէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ արտերկրի տարբեր իրաւաբանական եւ ֆիզիկական անձանց նուիրատուութիւններէն, ինչպէս նաեւ` Հրայր Յովնանեան, Արա Աբրահամեան, «Փեթակ» ՍՊԸ, «Հայռուսգազարդ» ՓԲԸ, «Գալուստանեան Րաֆֆի» բարեգործական կեդրոն:
Այդ գումարներով իրականացուած են ամենատարբեր ծրագիրներ առողջապահութեան, կրթութեան եւ սոցիալական ոլորտներուն մէջ, ներառեալ Հալէպ-Երեւան-Հալէպ չուերթներու ֆինանսաւորում, Հալէպի հայկական վարժարաններու ուսուցիչներու աշխատավարձի փոխհատուցում, Հայաստանի երկու տասնեակէ աւելի համալսարաններու մէջ ուսանող սուրիահայ երիտասարդներու ուսման վարձի, սրտի վիրահատութիւններու, յուղարկաւորութեան ծախսերու փոխհատուցում, նիւթական օժանդակութիւն Երեւանի Կիլիկեան դպրոցին, ուր կը յաճախեն սուրիահայ երեխաներ, ինչպէս եւ տարատեսակ կարիքներու հոգում «Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնման մարմնին» փոխանցուած գումարներով: