Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած Ալտաիան 11-րդն է. Ո՛վ է յաջորդը

Սպանիոյ Վալենսիա մարզի Ալտաիա քաղաքը Հոկտեմբեր 27-ին պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը` դառնալով թագաւորութեան 11-րդ քաղաքը, որ պաշտօնապէս  ոճիրը կը կոչէ իր անունով: Այս մասին Սպանիայէն «Հայերն այսօրին» կը յայտնէ «Արարատ հայկական միութեան» նախագահ Արարատ Ղուկասեան:

Վալենսիոյ «Արարատ հայկական միութեան» ներկայացուցած բանաձեւը քաղաքական խորհուրդի նիստին քննարկման  դրած է ՁԱԽ ՄԻՈՒԹԵԱՆ խօսնակ Խուանխօ Եորէնտեն: Խորհուրդի բոլոր 4 կուսակցութիւնները միաձայն ընդունած են բանաձեւը ` դատապարտելով ոճրագործ Թուրքիան եւ քննադատելով անոր ժխտողականութիւնը:

Նիստին ներկայ էին «Արարատ հայկական միութեան» անդամները, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի բարեկամ, արդարութեան անխոնջ մարտիկ Սալվատոր Կարսիա տէ լա Մօտան, որ, ի նշան երախտիքի, «Անմոռուկ»  կրծքանշան նուիրեց քաղաքապետին:

Նոյնը ըրաւ նաեւ «Արարատ հայկական միութեան» անդամ Արտակ Օհանեան` կրծքանշանը փակցնելով բանաձեւը ներկայացնող Խուանխօ Եորէնտէի կուրծքին:

Վալենսիա2Վալենսիա1 Վալենսիա

Scroll Up