Չեխական «Փլաւ»-ի Բացառիկ Համարը` Նուիրուած Հայ Գրականութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին

2015-ի Յունիսին լոյս տեսաւ չեխական «Փլաւ» գրական ամսագիրի յատուկ համարը` նուիրուած հայ գրականութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Համարի պատրաստումը իրականացուցած է ամսագիրի խմբագիր Փաւլա Նեհասիլովան` համագործակցութեամբ ՕՐԵՐ եւրոպական ամսագիրի: Առաջին անգամ չեխերէնով կը ներկայացուին Հայոց Ցեղասպանութեան թեմային նուիրուած հայ ժամանակակից գրականութեան նմուշներ, որոնք վերջին տասնամեակներուն արժանացած են ոչ միայն պետական մրցանակներու, այլեւ ընդունելութիւն գտած ընթերցողներու մօտ: Այս մասին կը յայտնէ Orer.eu-ն:

Համարի շապիկը, որուն վրայ գրուած է «100 տարի անց», կը զարդարէ փրահայաբնակ գեղանկարիչ Յովիկ Մուրատեանի յատուկ այս համարին համար պատրաստած կտաւին գունեղ պատկերը:

«Ցեղասպանութիւնը լոկ մէկ ազգի ողբերգութիւնը չէ, այլ ողջ մարդկութեան» վերանագիրով կը բացուի ամսագիրի առաջին հարցազրոյցը գրաքննադատ, արձակագիր եւ թարգմանիչ Ալեքսանդր Թօփչեանի հետ, որ վարած է ՕՐԵՐ ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեանը: Զրոյցին անդրադարձ կատարուած է ցեղասպանութեան թեմայով լոյս տեսած գրականութեան եւ մասնաւորապէս Թօփչեանի «Եւ անգամ մահից յետոյ» ու «Պանք Օթոման» վէպերուն: Ի դէպ, ամսագիրին մէջ տպագրուած է հատուած առաջին վէպէն, որ թարգմանած է չեխ հայագէտ Միլատա Գիլեանովան: Չեխ հայագէտ Աննա Սոխովայի թարգմանութեամբ ալ հրատարակուած է արձակագիր Վահագն Գրիգորեանի «Ժամանակի գետը» վէպէն հատուած` նուիրուած ցեղասպանութեան պատմութեան: Սոխովայի թարգմանութեամբ տեղ գտած է նաեւ արձակագիր Արմէն Շէկոյեանի «Իգդիր» պատմուածքը: Լիպոր Տուորժակի թարգմանութեամբ ներկայացուած է յայտնի դերասանուհի, արձակագիր եւ թարգմանիչ Անահիտ Թօփչեանի «Խենթ աղջիկ» պատմուածքը` «Lady S.D.F.» ժողովածուէն: Առաջին անգամ չեխերէնով կը ներկայացուի նաեւ հատուած ռումանահայ յայտնի գրող, ծերակուտական Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու մատեանը» գիրքէն, որ արդէն թարգմանուած է եւրոպական տասնեակէ աւելի լեզուներով եւ 2015-ի վերջը լոյս պիտի տեսնէ նաեւ չեխերէնով: Գիրքը թարգմանած է չեխ ռումանագէտ Եարմիլա Հօրագովան:

Հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթին, գրականութեան ու ցեղասպանութեան նուիրուած ռուսագէտ Ռատգա Ռուպիլինայի «Հայաստան. տարածութեան, ժամանակի ու սահմաններու միջեւ» էսսէյը: Ռատգան կ՝աշխատի Երեւանի մէջ` ԵԱՀԿ գրասենեակ: «Փլաւ»-ի այս համարին մէջ տեղ գտած են նաեւ արեւմտահայ բանաստեղծութեան նմուշներ` Դանիէլ Վարուժանի ու Սիամանթոյի բանաստեղծութիւնները: Հրատարակուած է Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութիւն»-էն հատուած: Բանաստեղծական նմուշները տողացի թարգմանած են Հայկ Ութիճեանը, Միլատա Գիլեանովան, Մարթինա Փիչմանովան, իսկ յանգաւորումը կատարած է Լուտեգ Լիշգան: Առաջին անգամ չեխերէնով կը ներկայացուի նաեւ հայ դասական Յովհաննէս Թումանեանի «Մի կաթիլ մեղրը» գործը` Անտրան Աբրահամեանի թարգմանութեամբ:

Scroll Up