Սուրիահայերու Կողմէ Հիմնադրուած Կօշիկի Ընկերութիւնը Յատուկ Մրցանակի Արժանացած Է

ՀՀ դեսպան Աշոտ Սմբատեան Պեռլինի մէջ մասնակցած է «Business International» կազմակերպութեան նախաձեռնած «Նոր Մետաքսեայ ճանապարհ» խորագիրով մրցանակաբաշխութեան: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:

Նշեալ մրցանակաբաշխութիւնը կը կազմակերպուի գերմանական եւ արտասահմանեան մանր եւ միջին գործարարութեան այն ներկայացուցիչներուն համար, որոնք մեծ ներդրում ունեցած են Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ գործարար կապերու ամրապնդման գործին մէջ:

Առաջին անգամ իրականացուող մրցանակաբաշխութեան գլխաւոր մրցանակին համար ներկայացուած են շարք մը հայկական ընկերութիւններու «Թերմոռեքս», «Ava Shoes», «Էլբատ» եւ «Եունիտրանսֆեր» ընկերութիւնները: Իբրեւ արդիւնք ժիւրին յատուկ մրցանակ շնորհած է  «Ava Shoes» ընկերութեան: Վերջինս Հայաստան վերադարձած սուրիահայերու կողմէն հիմնադրուած կօշիկի արտադրութեան փոքր գործարան է, որ իր գործունէութեան կարճ ժամանակահատուածին կրցած է բազմաթիւ գործընկերներ ձեռք բերել միջազգային շուկային մէջ:

Scroll Up