«Վարդանանց ասպետները» յաջորդ տարի պիտի տօնեն հիմնադրման 100-ամեակը
ԱՄՆ-ի մէջ 24 մասնաճիւղ ունեցող «Վարդանանց ասպետներ» կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է 1916 թուականին Ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ: Գրեթէ 100 տարի այս կազմակերպութիւնը Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Արցախի մէջ հայրենանուէր գործունէութեամբ զբաղուած է: Օրերս կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը հիւրընկալուած էր Սփիւռքի նախարարութեան մէջ, ուր անոնց ընդունեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: «Վարդանանց ասպետներ» կազմակերպութեան աւագ սպարապետ Սթիւեն Քրաճեանին եւ աւագ փոխսպարապետ Յունան Արշակեանին հիւրընկալեցինք նաեւ «Հայերն այսօր»-ի մէջ, ուր զրուցեցինք անցած ուղիի, սպասուող յոբելեանի ու ծրագիրներու մասին:
-Պարո՛ն Քրաճեան, միւս տարի կը լրանայ «Վարդանանց ասպետներ» կազմակերպութեան 100-րդ յոբելեանը: Ին՞չ ճանապարհ անցած էք, եւ ո՞րն է կազմակերպութեան գլխաւոր առաքելութիւնը:
-«Վարդանանց ասպետները» հիմնադրուած է 1916 թուականին` Ցեղասպանութենէն անմիջապէս յետոյ, 16 հայրենասէրներու կողմէ, որոնց մէջ կային բժիշկներ, հոգեւորականներ, ձեռներէցներ: Գլխաւոր նպատակը Ցեղասպանութենէն մազապուրծ մեր հայրենակիցներուն օգնելն էր, լեզուն, մշակոյթն ու կրօնը պահպանելը: 10 տարուան ընթացքին կազմակերպութիւնը իր մասնաճիւղերը բացաւ նաեւ Քալիֆորնիոյ մէջ: Վերջին 100 տարուան ընթացքին «Վարդանանց ասպետները» շատ աշխոյժ եղած են, բայց եւ շատ լուռ, ու չեն բարձրաձայնած իրենց կատարած աշխատանքին մասին: Ատոր պատճառը հայ ըլլալու վախն էր, որ առկայ էր 20-րդ դարու առաջին տասնամեակներուն` անգամ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ: «Վարդանանց ասպետներ»ու անդամները այսօր հազարաւոր են. անոնցմէ 1400-ը աշխոյժ անդամներ են:
Կ’ուզեմ նշել, որ «Վարդանանց ասպետներ»ը ունի նաեւ քոյր կազմակերպութիւն` «Վարդանանց դուստրեր»-ը, որ հիմնադրուած է 1933թ-ին եւ կրկին շատ աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ: Մեր ծրագիրները փոխկապակցուած են եւ միեւնոյն նպատակը կը հետապնդեն: «Վարդանանց դուստրեր»-ու աւագ տիրուհին այժմ Սոնա Մանուէլեանն է, իսկ անոր ամուսինը` Լիօ Մանուէլեանը, սպարապետ է Նիւ Ճերսիի մէջ:
–Պարո՛ն Քրաճեան, ինչպէ՞ս կը պատրաստուիք նշել այս մեծ տարեդարձը, ի՞նչ ձեռնարկներ կը սպասուին:
-Այս շաբաթ հանդիպեցանք Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ եւ պայմանաւորուեցանք յաջորդ տարի մեր 100-ամեակը նշել Հայաստանի մէջ: Մենք կը փորձենք բերել կազմակերպութեան ներկայացուցիչներէ բաղկացած մեծ թիւով պատուիրակութիւն, հանդիպումներ ունենալ պետական կառոյցներու ներկայացուցիչներու հետ:
ԱՄՆ-ի մէջ ամէն տարի համաժողով կը կազմակերպենք. յաջորդ տարի այն կ’իրականացուի Ֆիլատելֆիոյ մէջ, ուր 100 տարի առաջ հիմնադրուած է կազմակերպութիւնը: Ամէն տարի մօտ 500-600 անդամ` իրենց ընտանիքներով, ներկայ կը գտնուին այդ ամենամեայ հաւաքներուն, որուն ընթացքին ժողովներ կ’ըլլան, կը քննարկենք մեր յետագայ ընելիքները:
-Քիչ մը աւելի մանրամասն խօսինք ձեր գործունէութեան մասին: Գիտեմ, որ բազմաթիւ ծրագիրներ կ’իրականացնէք թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի ու Արցախի մէջ:
-Դպրոցաշինութեան գործին մենք կ’աշխատինք Համաշխարհային դրամատան հետ: Մինչեւ այսօր 23 միլիոն ԱՄՆ տոլարի օգնութիւն ցուցաբերած ենք դպրոցներու կառուցման ու վերանորոգման համար: Նշենք, որ Համաշխարհային դրամատան հետ համագործակցութիւնը հետեւեալ կերպով կը կատարուի` 1-ը 19-ի յարաբերակցութեամբ: Այսինքն` օրինակ` 1 տոլար կը ներդնէ մեր կազմակերպութիւնը, իսկ 19-ը` Համաշխարհային դրամատունը: Այս պահուն «Վարդանանց ասպետներ»-ու աջակցութեամբ Տաւուշի մարզի Վերին Կարմիր աղբիւր սահմանամերձ գիւղի մօտակայքը մարզամշակութային համալիր կը կառուցուի երեխաներու համար:
ԱՄՆ-ի մէջ կը ֆինանսաւորենք հայկական այն դպրոցները, որոնք եկեղեցւոյ կից չեն, անկախ դպրոցներ են: Կ’օգնենք նաեւ հայ ուսանողներուն, որոնք կ’ուսանին ամերիկեան տարբեր համալսարաններու մէջ: Միչիկանի համալսարանին մէջ հայկական հետազօտութեան կեդրոն կայ, որ նոյնպէս կը ֆինանսաւորուի մեր կողմէ:
Ինչպէս նաեւ տուներ կը կառուցենք կարիքաւոր, բազմանդամ ընտանիքներու համար, կ’աշխատինք “FullerCenter” կազմակերպութեան հետ: Հէնց այսօր մենք Կոտայքի մարզին մէջ էինք, ուր 2 տուն կը կառուցուի մեր օգնութեամբ: Մենք կ’ուզենք շատցնել ծրագիրները Հայաստանի մէջ եւ աւելի թափանցիկ դարձնել մեր գործունէութիւնը:
-Անդրադառնալով ձեր գործունէութեան` չենք կրնար չխօսիլ նաեւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած աշխատանքներուն, յատկապէս 100-րդ տարելիցի տարուան:
-Ամէն տարի Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներ կը կազմակերպենք: Բացի այդ, ամերիկեան պետական կառոյցներուն հետ աշխոյժ կ’աշխատինք: Իւրաքանչիւր տարի` Ապրիլ 24-ին, Նիւ Եորքի կեդրոնին մէջ` Թայմս Սքուեր հրապարակին վրայ բողոքի ցոյց տեղի կ’ունենայ, ուր, բացի հայերէն, ներկայ կ’ըլլան ամերիկացի քաղաքապետներ, նահանգապետներ, քոնկրէսականներ ու ԱՄՆ-ի մէջ տարբեր երկիրներու դեսպաններ: Տարուան մէջ 2 ձեռնարկ կայ, երբ Թայմս Սքուերը կը փակուի: Առաջինը Սուրբ ծննդեան տօներն են, եւ երկրորդը` Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը: Այս մեծ ձեռնարկը, որուն կը մասնակցին Ամերիկայի մէջ գործող բոլոր հայկական կազմակերպութիւններն ու կառոյցները, արդէն 30 տարի է, իրականութիւն կը դարձնէ «Վարդանանց ասպետները»: Այս տարի` 100-րդ տարելիցի բողոքի երթը սկսաւ Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան եկեղեցիէն, եւ մասնակիցները քալելով հասան Թայմս Սքուեր: Մօտ 16,000 մարդ մասնակցեցաւ այդ երթին, եւ այն լայնօրէն լուսաբանուեցաւ ամերիկեան լրատուամիջոցներու կողմէ: Ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի մեծ ցոյցին մասնակցած ենք, ուր մասնակիցներու թիւը հասաւ 150,000-ի: Շատ անուանի մտաւորականներ, գիտնականներ կը մասնակցին Թայմս Սքուերի հաւաքներուն` աշխարհով մէկ բարձրաձայնելով Հայոց ցեղասպանութեան փաստերուն մասին: Օրինակ` ազգութեամբ թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամ, ամերիկահայ գիտնական Տենիս Փափազեան, քոնկրէսականներ Ռոպերթ Մենենտեսը եւ Չարլս Շումերը տարիներ շարունակ կը մասնակցին Թայմս Սքուերի հաւաքներուն:
1980 թուականէն ի վեր մեր կազմակերպութիւնը ամէն տարի կ’ընտրէ «Տարուան մարդ», իսկ անցեալ տարուընէ` նաեւ «Տարուան կին»` մարդիկ, որոնք կ’ոգեշնչեն հայութեան: Այս տարի «Տարուան մարդ» եւ «Տարուան կին» միաժամանակ ճանչցուեցան Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն նահատակները, որոնք զոհաբերեցին իրենց կեանքը, եւ անոնց զոհաբերութեան արդիւնքով մենք հիմա այստեղ ենք: Խորհրդանշական էր, որ Ապրիլ 24-ին ընդառաջ մեր նահատակները սրբադասուեցան, եւ ատիկա մեզի ոգեւորեց, որ «Տարուան մարդ» ճանչնանք անոնց: Այս կապակցութեամբ մենք, իբրեւ շնորհակալութիւն, նահատակներուն խորհրդանշող կտաւ նուիրեցինք Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ին:
– Պարո՛ն Քրաճեան, այսքան խօսեցանք ձեր գործունէութեան մասին, ինծի հետաքրքիր է նաեւ ձեր անձը: Ովքե՞ր են ձեր ծնողները, զաւակնե՞ր ունիք:
-Շնորհակալութիւն: Ծնած եմ Լոս Անճելըս: Հայրս` Հրաչ Քրաճեան, Ցեղասպանութեան որբերու զաւակ է, որ ծնած է Լիբանան` Պէյրութ, այնուհետեւ հաստատուած ԱՄՆ-ի մէջ: Մայրս` Արաքսի Քրաճեան, ծնած է Լոս Անճելըս, բայց ծնողները նոյնպէս Ցեղասպանութիւնը վերապրածներ են` Մարզեւանէն: Հայրս երիտասարդ տարիներուն Հայոց լեզուի ուսուցիչ էր, իսկ յետոյ` նաեւ անգլերէնի: Հիմա կը հարցնէք, թէ ինչու հայրս ինծի չէ սորվեցուցած հայերէն: Պատճառն այն է, որ 50-ականներուն անոնք, որոնք անգլերէն չէին խօսիր, խտրականութեան կ’ենթարկուէին ԱՄՆ-ի մէջ: Այդ իսկ պատճառով հայրս կ’ուզէր, որ ես շատ լաւ անգլերէն սորվիմ: Աւելի ուշ ես սորվեցայ նաեւ քիչ մը հայերէն խօսիլ: Հայրս կը մասնակցէր «Armenian Social Services Senter» հայկական կազմակերպութեան աշխատանքներուն եւ կ’օգնէր հայ ներգաղթեալներուն` գտնելու տուն, աշխատանք ԱՄՆ-ի մէջ: Ան նաեւ Հաճընի հայրենասիրական միութեան աշխոյժ անդամ էր: Եւ այս երկու կազմակերպութիւններու միջոցով երկար տարիներ օգնած է իր հայրենակիցներուն: Հայրս մեր ընտանիքի առաջին անդամն էր, որ անդամակցած է «Վարդանանց ասպետներուն», եւ ան դեռ ողջ էր, երբ ես դարձայ աւագ սպարապետ: 2000 թուականին Սան Տիեկոյի մէջ բացուեցաւ «Վարդանանց ասպետներու» հերթական` «Կոմիտաս» մասնաճիւղը, եւ ես քանի մը տարի ղեկավարեցի զայն:
Կինս` Լիզա Քրաճեան, եղած է «Վարդանանց դուստրեր»-ու աւագ տիրուհի: Երկու աղջիկ ունինք` Անին ու Մարին: Երբ 1994-ին առաջին անգամ Հայաստան եկայ` Արաքսի ափին, ուրկէ կ’երեւին նաեւ Անիի աւերակները, որոշեցի, որ իմ առջինեկիս անունը Անի դնեմ. հիմա ան 10 տարեկան է: Երկրորդ աղջիկս` Մարին, 6 տարեկան է, եւ անոր անունը եւս հայկական քաղաքի անունով դրած ենք: Երկուքն ալ հայերէն կը սորվին Սան Տիեկոյի հայկական եկեղեցւոյ դպրոցին մէջ:
-Յաճա՞խ կ’այցելէք Հայաստան:
-Սա իմ 4-րդ այցելութիւնն է: Նախորդը անցեալ տարի էր, երբ կը մասնակցէի «Հայաստան-Սփիւռք» համահայկական 5-րդ համաժողովին: Այս անգամ բազմաթիւ նպատակներ ունէինք, որոնցմէ մէկը Սփիւռքի նախարարի հետ հանդիպումն էր: Ինչպէս նաեւ կ’ուզէինք ներկայ գտնուիլ այն ծրագիրներու գործընթացին, որոնք կը հովանաւորենք:
Ջուլիետա Մաթեւոսեան