Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած խաչքար Արժանթինի մէջ

Հոկտեմբեր 10-ին Պուէնոս Այրէսի Վիսենթէ Լոփես քաղաքին մէջ, ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, խաչքար  տեղադրուած է: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ Արժանթինի մէջ իր աղբիւրներէն:  Նախաձեռնողները Վիսենթէ Լոփեսի մէջ ապրող հայերն են, որոնց աջակցած է տեղի քաղաքապետարանը:

Խաչքարի բացման արարողութեան ներկայ  եղած են Արժանթինի մէջ ՀՀ դեսպան Ալեքսան Յարութիւնեան, երեսփոխաններ, համայնքային ներկայացուցիչներ եւ աշակերտներ: Խաչքարի օրհնութեան կարգը կատարած է Պուէնոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգեշնորհ Տէր Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեան:

Ելոյթ ունեցած են Վիսենթէ Լոփեսի հայ համայնքի վարչութեան ատենապետ Ճորճ Թոսունեան եւ քաղաքապետ Ճորճ Մաքրին: Ընթերցուած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհաւորական նամակը:

Հանդիսութեան գեղարուեստական մասին մէջ ելոյթ  ունեցած են երգչուհիներ  Ալինը եւ Թալինը, «Նայիրի»  պարախումբը:

Հանդիսութեան աւարտին Օֆելեայ Դերձակեան հայ համայնքին կողմէ Վիսենթէ Լոփեսի քաղաքապետին յուշատախտակ  յանձնած է:

 a3a-1

Scroll Up