Այսօր իր աւարտին կը հասնի ՀՕՄ-ի պատգամաւորական ժողովը. Լուսանկարներ զրոյցներ
Հոկտեմբեր 4-9 Երեւանի Double Tree by Hilton հիւրանոցին մէջ տեղի կ’ունենայ Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) 71-րդ համահայկական պատգամաւորական ժողովը, որուն կը մասնակցին կառոյցի 25 երկիրներէ ընտրուած պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ հիւրեր, դիտորդներ:
Ժողովի չորրորդ օրը, “Հայերն Այսօր”-ը զրուցեց ժողովին մասնակից ՀՕՄ-ուհիներուն հետ, որոնք ժամանած էին 25 երկիրներէ, սակայն այն տպաւորութիւնն էր, որ ամենամեծ տոկոսը կը կամզմէին սուրիահայ մասնակցիցները, որոնք կը ներկայացնեէին տարբեր երկիրներ։
Թալին Հայրապետեան- Մինասեան՝ Սուրիայէն ընտրուած պատգամաւոր է, որ Հալէպէն ժամանած է Հռիփ Կանանեանի, Աննա Տէր Յակոբեանի, Անի Մուրատեանի եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Զեփիւռ Ռէիսեանի հետ:
Ան “Հայերն Այսօրի”-ի հետ զրոյցին մասնաւորապէս ըսաւ,- “Ինչպէս գիտէք շատ դժուար է մեզի համար Հալէպէն հասնիլ Երեւան, բայց մենք եկա՛նք, այս կարեւոր ժողովին մասնակցելու համար։ Ժողովը կ’ընթանայ շատ համերաշխ մթնոլորտի մէջ, բոլոր ընկերուհիները Սուրիոյ խնդիրներու նկատմամբ շատ սրտցաւ են, հազիւ Սուրիոյ մասին հարց մը օրակարգի վրայ հնչէ, բոլորը միաձայնութեամբ կողմ կը քուէարկեն, անոր համար շնորհակալ ենք ՀՕՄ-ի բոլոր մասնաճիւղերէն եւ միաւորներէն անխտիր, որ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Սուրիահայութեան աջակցելու՝ թէ իրենց միաւորներու միջոցով եւ թէ անհատական։ Օրինակ Սուրիահայ մեր ընկերուհիներէն Թամարը, որ այժմ Տուպայ կ’ապրի եւ մեր ժողովի մասնակիցներէն է, պատրաստած էր անմոռուկով շարֆեր, որոնք վաճառուեցան ժողովի մասնակիցներուն եւ հասոյթը նուիրուեցաւ Սուրիոյ ծրագիրներէն մէկուն։
“Ժողովը արդէն կը հասնի իր աւարտին եւ յոյս ունինք, որ Սուրիայէն բերուած առաջարկները բոլորը կ’ընդունուին։ Մենք Սուրիահայերս միշտ օգնած ենք ուրիշին եւ դժբախտաբար այսօր այնպիսի վիճակի մէջ ենք, որ մենք օգնութեան կարիք ունիք։ Տա՛ Աստուած, որ ամէն ինչ բարելաւուի եւ դարձեալ մենք աջակցինք մեր միաւորներուն։
“Մեր ներկայացուցած առաջարկներէն են` աջակցութիւն պաստսպարանի որբախնամ երեխաներուն, “Պնակ մը տաք ճաշ”, այս ծրագրի ծիրէն ներս շաբաթը երկու անգամ տարեցներուն եւ պահակ տղոց ճաշ կը մատակարարուի, “երեխաներու դպրոցական ծրագիրը” եւ “տաքուկ բնակարան” ծրագիրը, որ կ’ենթադրէ վառելանիւթ տրամադրել ընտանիքներուն։
Արեւմտեան Ամերիկայէն ժողովին մասնակցած են հինգ ներկայացուցիչներ եւ 42 ունկնդիր “Հայերն Այսօր”-ը զրուցեց Թամար Ուրիշեանի հետ, որուն առաջին այցն է Հայաստան։
“Այս ժողովին մասնակցելով կատարուեցաւ նաեւ առաջին այցս Հայաստան, ճիշտ է ժողովի երկարատեւ ժամերը դեռ առիթ չեն տուած շատ բան տեսնելու, սակայն երբ տեսայ Արարտը շատ յուզուեցայ, զգացի որ Հայաստանի պաշտպանն է։ Ժողովէն առաջ Ջաւախք գացինք, իսկ ժողովէն ետք 150 անդամով պիտի այցելենք Արցախ, պիտի գտնուինք նաեւ ՀՕՄ-ի հովանաւորութեան տակ գործող Սօսէ Մայրիկ մանկապարտէզ։
“Պատգամաւորական ժողովին շատ առաջարկեր կը հնչեն, յատկապէս սուրիահայութեան վերաբերեալ, որոնք կ’ընդունուին բոլոր ընկերուհիներու կողմէն”։
Լիբանանի ութ մասնակիցներէ կազմուած պատուիրակութեան մաս կը կազմէ, Լիբաննանի շրջնային վարչութեան ատենապետուհի Թալին Քըլպաշեանը։
“Լիբանանէն կը մասնակցինք 8 պատգամաւորներով, ժողովը կ’ընթանայ շատ կազմակերպուած, արծարծուող հարցերն ու խնդիրները գլխաւորաբար կը վերաբերին տնտեսական տագնապին, որ այսօր կը տիրէ տարբեր երկիրներու մէջ, յատկապէս Սուրիոյ, Կիպրոսի եւ Յունաստանի մէջ։
“Հայաստան յաճախ եկած եմ, սակայն առաջին անգամն է, որ կը մասնկցիմ նման համահայկական ժողովի, շատ ուրախ եմ անոր համար, շատ հաճելի է տեսնել տարբեր շրջաններէ ժամանած ընկերուհիներ եւ իրենց հետ քննարկել տարբեր հարցեր”,- “Հայերն Այսօր”-ին ըսաւ տիկին Քըլպաշեանը։
ՀՕՄ-ի պատգամաւորական ժողովը իր աւարտին կը հասնի այսօր Հոկտեմբեր 9-ին, անոր աւարտին պիտի ընտրուի ՀՕՄ- ի կեդրոնական վարչութիւնը։