Ցեղասպանութեան որբերու թանգարան. Այցելուները ամենաերկարը կը կանգնին անուանացանկի պատին առջեւ` փնտրելով հարազատ անուններ
Ոչ թէ դասական թատերական լուծումներով, այլ նոր ու ժամանակակից ձեւաչափով. 1915-ի ողբերգութիւնն ու այն յաղթահարելու պատմութիւնները հաւաստող փաստաթուղթերու ու մասունքներու ցուցադրութեամբ արդէն երկու ամիս Լիբանանի մէջ կը գործէ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պեզիքեան» թանգարանը: Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հիմնուած ամենամեծ որբանոցներէն «Թռչնոց բոյնը» վերակառուցուած է ու նորովի կը ներկայանայ, կը գրէ armeniangenocide100.org-ը:
«Վեհափառը (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոս) անձամբ մեր առջեւ խնդիր դրաւ ընել աւելին ու աշխարհին ընկալելի հասկացութեամբ ներկայացնել Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն Լիբանան հասած հազարաւոր որբերու անցեալը: Ցուցադրուող նմուշներու բովանդակութիւնը առաւել ամբողջական կը դարձնեն արուեստագիտական հնարաւորութիւններու գործածութիւնը` տեսա-, լուսա- եւ ձայնային ազդեցութիւնները, դեռ թանգարանի բակէն, օրինակ որբերու լացի ձայն կը լսուի:
Նիւթերը անգլերէն են, կ’ուղեկցուին հայերէն, ֆրանսերէն ու արաբերէն թարգմանութիւնով», – կ’ըսէ ճարտարապետներէն Րաֆֆի Թարխանեան եւ կ’ընդգծէ, որ թանգարանը երեք բաժինէ կազմուած է` «Ցեղասպանութիւն», «Որբութիւն» եւ «Վերածնունդ»` ներկայացնելով եւ իմաստաւորելով որբերու անցած ճանապարհը ըստ փուլերու:
Տարիներ անց «Թռչնոց բոյնի» սաներէն մէկուն ճանապարհը դարձեալ այստեղ բերած է` թանգարանի պաշտօնական բացումէն օրեր առաջ:
«Տարածքին մէջ շրջող ծեր մարդ մը տեսանք, մօտեցաւ մեզի, պատմեց իր մասին, ըսաւ ինքն ալ Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայ է եւ այստեղ ապրած է, հարցուցինք` այստեղ` Լիբանա՞ն, ըսաւ` ոչ, այս որբանոցին մէջ` «Այստեղ խաղցած եմ, հիւանդ ժամանակ այս պատին տակ պառկած էի», այսպէս 1-2 ժամ կը պատմէր… ըսաւ` ինքն ալ բոլորին չի կրնար պատմել այդ ամէնը, թանգարանը կ’ընէ այդ գործը», – կը պատմէ Րաֆֆի Թարխանեան:
1978-1980-ին «Թռչնոց բոյնի» սանուհիներէն Թալինէ Պարտակճեանի խօսքով, այս կառոյցը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի իրեն համար, քանի որ այն իր տունը կը համարէ. «Թռչնոց բոյն»ի մէջ մենք այժմ ունինք միջազգային չափանիշներուն համապատասխան թանգարան, որ կը պատմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը այստեղ վերապրած որբերուն մասին եւ ոչ միայն: Նման թանգարանի համար առաւել յաջող տեղ չէր կրնար ընտրուիլ: Ըլլալով «Թռչնոց բոյնի» սանուհիներէն եւ տեսնելով այն աշխատանքը, որ եղած է, կը հպարտանամ` մենք հիմա աւելի ուժեղ ենք եւ մեր արմատներուն առաւել հաւատարիմ: Սա ուղերձ է հայ ժողովուրդէն ամբողջ աշխարհին, թէ ինչ ճանապարհ անցած ենք եւ թէ ինչերու հասած ենք հակառակ դժուարութիւններուն: Թանգարանը տպաւորած է իմ սիրտն ու միտքը եւ բոլորին վստահ խորհուրդ կու տամ գալ եւ տեսնել, քանի որ այն մեր ժողովուրդի վերածնունդի վկայութիւնն է եւ յոյս անոնց համար, որոնք դեռ կը տառապին»:
Իսկ այցելուներու պակաս ցուցասրահներուն մէջ չկայ, կ’ըսէ թանգարանի խնամակալութեան ատենապետ Սեդա Խդշեան: Անոնք ամենաերկարը կը կանգնին անուանացանկի պատին առջեւ ու կը փնտրեն իրենց հարազատներու անունները եւ, երբ կը գտնեն, արձագանքը աւելի քան զգայական կ’ըլլայ, կը յուզուին, կը պատմէ Խդշեան եւ կը նկատէ. «Իսկ սփիւռքի տարբեր համայնքներէն, ինչպէս նաեւ հէնց Լիբանանի հայ համայնքէն բացի, հետաքրքիր է, որ քիչ չեն նաեւ թուրք այցելուները: Թանգարանը հէնց ապացոյց է ժխտող Թուրքիային եւ հարցադրում ամբողջ աշխարհին, թէ ինչու Անգարան կը շարունակէ անպատիժ հերքել ողբերգութիւնը»:
Թանգարանի բացումէն յետոյ յատկապէս աշխուժացաւ նմուշներու փոխանցման գործընթացը, կ’ընդգծէ խնամակալութեան ատենապետը. «Մարդիկ եկան, տեսան, որ այս կառոյցը ու գաղափարը արդէն իրականութիւն է, ցուցադրման պայմաններ կան եւ իրենց հարազատներէն մնացած մասունքները վստահութեամբ կը փոխանցեն` անձնական նամակները, գիրքերը, տետրերը, որ գանձի պէս կը պահէին նոյնիսկ Մարիա Եակոբսընի (դանիացի միսիոներ, «Թռչնոց բոյնի» հիմնադիր) քոյրերէն մեզի մասունքներ հասած է: Նաեւ մենք կը ճշտենք այս կամ այն արժէքաւոր նիւթի տեղը, կը փորձենք ձեռք բերել»:
Ընդլայնման ծրագիրներուն մէջ Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի ստեղծումն է, նաեւ արխիւ կը հիմնուի, իսկ բաւական նիւթ արդէն իսկ հաւաքուած է:
Դանիացի միսիոներ Մարիա Եակոբսընի նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերով 1922-ին Սայտայի մէջ բացուած է եւ 1928-ին Պէյրութի մերձակայ Ճիպէյլի աւան փոխադրուած «Թռչնոց բոյն» որբանոցը: Այնտեղ խնամուած ու կրթուած են Ցեղասպանութենէն փրկուած հազարաւոր որբեր, որ Եակոբսընին երախտագիտութեամբ «Մամա» կը կոչէին:
«Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած բազմաթիւ թանգարաններ կան, եւ նորերն ալ կը կառուցուին թէ Հայաստանի, թէ սփիւռքի մէջ, սակայն այս թանգարանը եզակի է իր բնոյթով ու նպատակով»,- ըսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա Կաթողիկոս, որուն նախաձեռնութեամբ որբանոցի տարածքի ամենահին շինութիւններէն մէկը վերափոխուած է թանգարանի` Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ շինարարական ծրագիրներու ծիրէն ներս: Թանգարանի պաշտօնական բացումը 2015-ի Յուլիս 18-ին էր: