Պուէնոս Այրէսի մէջ կայացած է Ցեղասպանութեան ոգեկոչման նուիրուած «Հայկական մրցավազք» 6-րդ մարաթոնը

Հոկտեմբեր 4-ի Պուէնոս Այրէսի Փալերմօ արուարձանին մէջ հայ համայնքի անդամներու նախաձեռնութեամբ տեղի  ունեցած է 10-քմ տարածութեամբ մրցավազք: «Յանուն հաւասարութեան եւ յիշողութեան» կարգախօսով մարաթոնին աւելի քան 2000 մարդ  մասնակցած է: «Փրենսա Արմէնիա»-ի հաղորդմամբ` ինչպէս եւս մէկ անգամ վերահաստատած է Հայկական մարմնամարզական ընդհանուր միութեան նախագահ Օրասիօ Թերզեան` 6-րդ ամենամեայ հայկական մարաթոնի նպատակն է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչումը, կը գրէ armeniangenocide100.org-ը: Ըստ Թերզեանի` սա հնարաւորութիւն է եւս մէկ անգամ ցոյց տալու, որ «անոնք (թուրքերը) չյաջողեցան, մենք կը շարունակեն ապրիլ ու զարգանալ»:

Մրցավազքի նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Հայ մարմնակրթական ընդհանուր Միութեան` Հոմենեթմենին, նպատակ ունենալով խթանել աշխոյժ եւ առողջ ապրելակերպ եւ միաժամանակ տարածել ու բարձրացնել Արժանթինի մէջ հայկական համայնքի ձայնը: Հայ մարմնակրթական ընդհանուր Միութիւնը համաշխարհային կազմակերպութիւն է, որ կը գործէ 1918-էն ի վեր` ծառայելով որպէս ընդարձակ ապաստարան Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու որբացած երեխաներուն համար:

 

Scroll Up