Հայաստան մասնակցեցաւ Մարսէլի 91-րդ ամենամեայ միջազգային տօնավաճառին
Սեպտեմբեր 25-էն Հոկտեմբեր 5 Մարսէլի «Շանօ» զբօսայգիին մէջ իրականացուող Մարսէլի 91-րդ ամենամեայ միջազգային տօնավաճառին կը մասնակցի նաեւ Հայաստան: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Տօնավաճառի ծիրէն ներս Մարսէլի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հայկական տան եւ ֆրանս-հայկական առեւտրաարդիւնաբերական պալատին կողմէն Մարսէլի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած է հայկական տաղաւար, որ այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման խորհուրդը կը կրէ: Հայկական տաղաւարի գիրքերու բաժինին մէջ ներկայացուած են Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ երեք տասնեակէ աւելի գիրքեր տարբեր լեզուներով: Ներկայացուած են նաեւ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի մեր հայրենակիցներու պատրաստած արտադրանքը` սնունդէն մինչեւ յուշանուէրներ, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան, առողջապահութեան, դրամատնային համակարգին վերաբերող եւ այլ բաժիններ: Հոկտեմբեր 2-ը յայտարարուած էր «Հայաստանի պաշտօնական օր», որուն հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Պուշ-տիւ-ռոն նահանգի գլխաւոր խորհուրդի նախագահ Մարտին Վասալի, Մարսէլի միջազգային տօնավաճառի գլխաւոր տնօրէն Լոիկ Ֆուշոնի, Մարսէլի Մշակոյթի եւ երտասարդութեան հայկական տան նախագահ Կարօ Յովսէփեանի եւ Մարսէլի մէջ ՀՀ հիւպատոս Սամուէլ Լալայեանի կողմէ: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հովանիի ներքոյ:
Ձեռնարկին ներկայ էին Եւրոխորհրդարանի եւ ֆրանսացի պատգամաւորներ, քաղաքապետներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրեալներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, լրագրողներ, բազմաթիւ հիւրեր:
Մարսէլի մէջ ՀՀ հիւպատոս Սամուէլ Լալայեան իր ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն` մասնաւորապէս նշելով Պուշ-տիւ-ռոն նահանգի գլխաւոր խորհուրդի նախագահ Մարտին Վասալի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն աշխոյժ մասնակցութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ տօնավաճառը նոր հնարաւորութիւններ կ’ընձեռնէ հայ-ֆրանսական տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւններու առաւել խթանման:
Պուշ-տիւ-ռոն նահանգի գլխաւոր խորհուրդի նախագահ Մարտին Վասալ իր ելոյթին մէջ նշեց, որ 2015թ. Ֆրանսայի ամբողջ տարածքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ բազմաթիւ ձեռնարկներ կայացած են եւ դեռ կը շարունակուին. 2016թ. Ապրիլ 24-ին իր գլխաւորած պաշտօնական պատուիրակութիւնը կը մեկնի Երեւան` Ծիծեռնակաբերդ` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողին մէջ, յարգանքի տուրք մատուցելու անմեղ զոհերու յիշատակին: Ան նշեց նաեւ, որ Պուշ-տիւ-ռոն նահանգը միշտ պատրաստ է օգնելու, աջակցելու եւ մասնակցելու որեւէ ձեռնարկի, որ իր նպաստը կը բերէ տնտեսական, մշակութային, գիտական եւ այլ բնագաւառներու մէջ ֆրանս-հայկական համագործակցութեան զարգացման:
Այնուհետեւ Համագումարներու պալատի «Քալելոնգ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գերմանական հանրային հեռուստատեսութեան կողմէ գերմանացի բեմադրիչ Էրիկ Ֆրիտլերի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Աղէտ. մի ցեղասպանութիւն» վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը: Երեկոն աւարտեց համերգով` Մարսէլի Համազգային դպրոցի սաներու մասնակցութեամբ:
Ձեռնարկը լայնօրէն լուսաբանուեցաւ ֆրանսական լրատուամիջոցներու կողմէ: