Ամէն Ոք Պէտք Է Նեցուկ Կանգնի Ֆրանսիս Պապի Խաղաղութեան Նոպէլեան Մրցանակի Թեկնածութեան

Քանի մը շաբաթ առաջ Գանատայի խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Սարգիս Ասատրեան տեղեկացուց, որ իր խնդրանքով խորհրդարանական Ճիւտի Սկրօ Ֆրանսիս պապը առաջադրած էր 2016ի Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին համար:

Թեկնածութեան առաջադրման իր նամակին մէջ, խորհրդարանական Սկրօ բարձր գնահատած է նորին սրբութիւնը՝ «ընդգրկուն, բացայայտ եւ բարեփոխուած հոգեւոր իշխանութեան» կերտման համար: Ան Հռոմի պապը նկարագրած է իբրեւ «բարութիւն ներշնչող ուժ» եւ «յոյսի խորհրդանիշ»։ Անցեալի չարագործութիւններու եւ հակամարտութիւններու հաշտեցման անոր ջանքերէն մինչեւ անոր աշխատանքը՝ ուղղուած խաղաղութեան ամրապնդման եւ տարաձայնութիւններու առիթ հանդիսացող խնդիրներու շուրջ փոխըմբռնման ու հանդուրժողականութեան սերմանման, Ֆրանսիս պապը արդէն իսկ հաստատուած է իբրեւ համաշխարհային փոփոխութեան իսկական եւ կառուցողական ուժ»:

Ասատրեան հարցուց ինծի, թէ արդեօք կրնամ որեւէ ամերիկացի օրէնսդիր գտնել, որ նոյնպէս կը փափաքի Հռոմի պապը առաջադրել Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին: Ես անմիջապէս կապ հաստատեցի քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի հետ, որ ոչ միայն համաձայնեցաւ առաջադրել պապի թեկնածութիւնը, այլեւ դիմեց Ներկայացուցիչներու տան միւս անդամներու աջակցութեան՝ տարածելով Նոպէլեան յանձնաժողովին ուղղուած նամակ մը:

Քոնկրեսական Շիֆի Սեպտեմբեր 23ի նամակին մէջ կ՛ըսուի. «Հռոմի պապը անգերազանցելի պերճախօսութեամբ, խոնարհութեամբ եւ կարեկցանքով իր հեղինակութիւնը օգտագործեց՝ ամբողջ աշխարհի մարդոց եւ ժողովուրդներուն հոգեւորութեան, բարոյականութեան եւ ազնուութեան կոչ ընելու համար։ Ֆրանսիս պապը եղած է խաղաղութեան հզօր ջատագով, որ կոչ ուղղած է վերջ դնելու հակամարտութեան եւ աջակցելու ազգերու միջեւ կառուցողական կապերու հաստատման: Ան յորդորած է աշխարհի վէճերը կարգաւորելու համար օգտագործել դիւանագիտութիւնը եւ բանակցութիւնները, այլ ոչ թէ կիրառել ռազմական ուժ, պարտադրանք կամ վախ: Բռնութիւնը մերժելու այս յանձնառութիւնը, զոր պապը ամէն օր կը կիրառէ իր խօսքերուն եւ գործունէութեան մէջ, ներառուած է Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի սկզբունքներու հիմքին մէջ»:

Հաշուի առնելով պապին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերահաստատումը Վատիկանի մէջ, Ապրիլի սկիզբը մատուցուած պատարագին ընթացքին, քոնկրեսական Շիֆ գնահատեց. «անոր խիզախ դիրքորոշումը՝ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ անցեալի ու ներկայի բոլոր ցեղասպանութիւններու դատապարտման գործին մէջ»: Նորին սրբութիւնը նաեւ դատապարտած է «քրիստոնեաներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու հետապնդումը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ»:

Քոնկրեսական Շիֆ Հռոմի պապը նաեւ բնութագրեց իբրեւ «առաջնորդող ջատագով օգնութեան»՝ մեծ թիւով փախստականներու նկատմամբ, որոնք ներկայիս հեղեղած են Եւրոպան: Պապը նոյնիսկ հրաւիրած է «սուրիացի փախստական ընտանիք մը բնակելու Վատիկանի իր նստավայրին մէջ»:

Վերջապէս, թեկնածութեան առաջադրման իր նամակին մէջ, քոնկրեսական Շիֆ ընդգծած է, որ «Հռոմի Ֆրանսիս պապը նաեւ աշխատանք տարած է միջազգային հանրութիւնը դրդելու՝ իրենց վրայ վերցնելու համար համաշխարհային հիմնախնդիրները, ինչպէս կլիմայի փոփոխութիւնը եւ կենսոլորտի վատթարացումը։ Ֆրանսիս պապըհարց կը բարձրացնէ կրօնական առումով աշխարհի մէջ տիրող անառողջ մթնոլորտին վերաբերեալ՝ ընդգծելով, որ մեր բոլորին պարտքն է հոգ տանիլ աշխարհին եւ ապագայ սերունդներուն փոխանցել աղտոտութենէ զերծ կենսոլորտ»:

Քոնկրեսական Շիֆի նամակը, համընկնելով Միացեալ Նահանգներ պապին կատարած այցին եւ Քոնկրեսի երկու պալատներուն առջեւ ելոյթ ունենալուն հետ, մեծ ուշադրութեան արժանացաւ անոր գործընկերներուն եւ լրատուամիջոցներու կողմէ: «Ուաշինկթըն Փոս»չ թերթը «Արդեօք Հռոմի Պապը Պէ՞տք Է Ստանայ Խաղաղութեան Նոպէլեան Մրցանակ» խորագիրով իր ծաւալուն յօդուածին մէջ նշած է, որ «Ֆրանսիս պապի խաղաղութեան մրցանակը պիտի ըլլայ պատմական փաստ, քանի որ դեռ ոչ մէկ պապ չէ արժանացած այդ պատիւին»:

Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին համար թեկնածուի առաջադրումը կը համարուի վաւերական, եթէ ներկայացուի հետեւեալ խմբաւորումներէն որեւէ մէկուն պատկանող անձի մը կողմէ.

– Պետութիւններու խորհրդարաններու եւ կառավարութիւններու անդամներ.
– Միջազգային դատարաններու անդամներ.
– Միջազգային իրաւունքի հիմնարկի անդամներ.
– Համալսարաններու տնօրէններ. հասարակագիտութեան, պատմութեան, փիլիսոփայութեան, իրաւունքի եւ աստուածաբանութեան փրոֆեսէօրներ.
– Խաղաղութեան խնդիրներու հետազօտման եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով ուսումնարաններու տնօրէններ.
– Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակակիրներ.
– Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակ ստացած կազմակերպութիւններու խորհուրդի անդամներ.
— Նորվեկիոյ Նոպէլեան յանձնաժողովի ներկայ եւ նախկին անդամներ.
– Նորվեկիոյ Նոպելեան յանձնաժողովի նախկին խորհրդականներ:

Հռոմի պապի առաջադրումը զգալիօրէն կը զօրանայ, եթէ անիկա ստանայ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականներու եւ այլ երկիրներու օրէնսդիրներու, ինչպէս՝ Հայաստանի խորհրդարանականներու աջակցութիւնը: Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի համար առաջադրման ժամկէտը 1 Փետրուար 2016ն է:

Մրցանակակիրը կ՛ընտրուի հինգ հոգիէ բաղկացած Նոպէլեան յանձնաժողովին կողմէ, որուն անդամները կը նշանակէ Նորվեկիոյ խորհրդարանը: Մրցանակը կը շնորհուի ամէն տարի Դեկտեմբեր 10ին, Օսլոյի քաղաքապետարանին մէջ:
Հռոմի Ֆրանսիս պապը լիովին արժանի է Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի՝ թէեւ ան չափազանց համեստ է անոր ձգտելու կամ զայն ընդունելու համար: Եթէ ան շահի այդ մրցանակը, ամենայն հաւանականութեամբ, 1.5 միլիոն տոլար պարգեւը պիտի նուիրէ ամբողջ աշխարհի աղքատներուն եւ կարիքաւորներուն:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

 “Քալիֆորնիա Քուրիըր” թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը

Scroll Up