Գոգօ Պալեան. «Կեանքիս Մէջ Այսչափ Չէի Յուզուած…»
Օրերս ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բազմավաստակ ՀՄԸՄ-ական, ՀՄԸՄ կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Գոգօ Պալեանին մեծ հանդիսաւորութեամբ յանձնեց ՀՀ քաղաքացիի անձնագիր, ինչպէս նաեւ պարգեւատրեց նախարարութեան «Ոսկէ մետալով»:
Երբ հանդիպումէն ետք փորձեցի զրուցել Գոգօ Պալեանի հետ, ան ժպտելով ըսաւ, որ չի սիրեր խօսիլ: Սկիզբը մտածեցի, որ համեստութիւն կ’ընէ: Սակայն զրոյցին ընթացքին արդէն հասկցայ, որ խօսակիցս իրաւացի էր… Որքան ալ փորձեցի տարաբնոյթ հարցերով «խօսեցնել», ստացուեցաւ միայն այն, ինչ որ մենախօսութեան տեսքով կը ներկայացնեմ ստորեւ.
– Չեմ կարծեր, որ ՀՀ քաղաքացիի անձնագիրը ուշացած է, գուցէ պէտք է աւելի կանուխ ընէի, բայց… ինչպէս կ’ըսեն, ուշ լինի` նուշ լինի:
Միշտ ալ փափաքած եմ ՀՀ քաղաքացի դառնալ, բայց ինչպէս կեանքի մէջ յաճախ կը պատահի, շատ բան կը յետաձգես, կ’ըսես` վաղը կ’ընեմ, վաղը կ’ընեմ ու այդպէս` ամէն օր: Կը կարծեմ` ամէն ինչ իր ժամանակն ունի:
Իսկ Սփիւռքի նախարարութեան «Ոսկէ մետալը» շատ անակնկալ էր ինծի համար: Նախարարը ինծի անակնկալի բերաւ, չէի սպասեր, իսկապէս շատ-շատ զգացուած եմ:
Գիտէի, որ նախարարութիւն պիտի գամ անձնագիր ստանալու, բայց որ այլ անակնակալ ալ կը սպասէր ինծի` մտածել անգամ չէի կրնար: Կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել նախարարին, շատ զգացուած եմ, կեանքիս մէջ այսչափ չէի յուզուած…
Ես սփիւռքի մէջ ծնած եմ, սփիւռքի մէջ մեծցած, ուր մեզի համար ամենակարեւորը եղած է հայ մնալը: Եւ առ այսօր հայապահպանութիւնը առաջնակարգ գործ եղած է ինծի համար, շատ-շատ սփիւռքահայերու համար:
Ծնած եմ Լիբանան, 1962 թուականին ընտանիքս տեղափոխուած է Ամերիկա: 52 տարի է` կ’ապրիմ Ամերիկա եւ մինչեւ այսօր հայերէն կը խօսիմ, կը գրեմ ու կը կարդամ:
Իսկ այսօր Լիբանանէն, Հայաստանէն Ամերիկա եկած հայերը տաս տարի վերջ երրորդ, չորրորդ բառը անգլերէն կ’օգտագործեն: Սա աւելի շատ ձեւականութիւն է, որ, սակայն, ժամանակի ընթացքին ապրելաձեւ կը դառնայ:
Ինծի համար լեզուն շատ կարեւոր է: Այսօր մենք հայրենիքը թողած ու Սփիւռքի մէջ կ’ապրինք: Եթէ լեզուն ալ կորսնցնենք, յետոյ ի՞նչ պիտի ըլլայ:
Թէ ինչպիսին եմ ես այսօր, նախ եւ առաջ ընտանիքիս պարտական եմ: Ինչպէս ըսի, Ամերիկայի մէջ կ’ապրինք 52 տարի, ծնողքս երբեք անգլերէն բառեր չեն օգտագործած մեզի հետ խօսելու ժամանակ:
Իսկ երկրորդ ընտանիքս, դպրոցս եղած է ՀՄԸՄ-ը: Շատ բան կը պարտիմ այս միութեան: ՀՄԸՄ-ը մեծ դեր կը կատարէ Սփիւռքի մէջ: Այսօր երիտասարդներու զբաղումը փոխուած է. համացանցը, ընկերային կայքերն են անոնց հիմնական հետաքրքրութիւնը: Իսկ ՀՄԸՄ-ը շատ մեծ դեր կը խաղայ այս առումով` փորձելով երիտասարդներուն զբաղեցնել մարզական կամ սկաուտական ծրագիրներով:
Հայաստանի մէջ հայապահպանութեան խնդիր չկայ, իսկ Սփիւռքի մէջ մեծ խնդիր է հայ մնալը, հայկականութիւնը պահելը:
Հայաստանի մէջ մասնաւոր աշխատանք չեմ կատարեր: Միայն օգնած եմ «Եւրոպա» հիւրանոցի ներքին յարդարանքի հարցով: Ու չեմ գիտեր, թէ նախարարուհին ինչպէս այդ մասին գիտէր (ժպտելով -հեղ.): Ամերիկայի մէջ տիզայներական ընկերութիւն ունիմ, ցանկութիւն կայ Հայաստանի մէջ գործ ընելու, չեմ գիտեր, թէ ինչու մինչեւ օրս չեմ ըրած:
Տիկնոջս` Արմինէին հետ յաճախ կը խորհինք Հայաստան վերադառնալու մասին. խօսիլը բան մըն է, գործելը` մէկ այլ բան: Ի դէպ, Արմինէին հետ Հայաստանի մէջ ծանօթացած եմ` Բիւրականի մէջ: Անոր շնորհիւ է նաեւ, որ ես այսօր ՀՀ քաղաքացի դարձայ եւ աւելի կ’ապուեցայ Հայաստանին:
Լուսինէ Աբրահամեան