Նախարարութիւնը դարձած է այն ջերմաբոյր վայրը, ուր կ՚անցելէ հայրենիք ժամանող իւրաքանչիւր սփիւռքահայ. Զարմիկ Պօղիկեան

Շնորհաւորելով սփիւռքի նախարարութեան  7-ամեակը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան յառաջացումն ու եօթնամեայ գործունէութիւնը սփիւռք հայրենիք յարաբերութիւնը նոր որակով օժտեցին։ Նախարարութիւնը իր բազմաբնոյթ ծրագիրներով «Արի տուն» կարգախօսը գործնականապէս կեանքի կոչեց։ Հայաստանը համայն հայութեան տունը դարձաւ ոչ թէ լոզունքային տրամաբանութեամբ, այլ ծրագրաւորեալ գործընթացով, հատուածական մտածողութեան վերացումով, համահայկական, ազգային շահերու գերադասման գործելաոճով։

Սփիւռքի նախարար Տիկ․ Հրանոյշ Յակոբեանի նպատակասլաց աշխատանքը թափ տուաւ սփիւռք հայրենիք գործակցութեան։ Զանազան առիթներով հայ երիտասարդները հայրենիք հրաւիրելով նախարարութիւնը նպաստեց, որ անոնք ծանօթանան իրենց արմատներուն, ճանչնան մեր արժէքներն ու ազգային հպարտութեամբ լիցքաւորուին։

Նախարարութիւնը զանազան ձեռնարկներու կազմակերպումով լուսարձակի տակ պահեց աշխարհասփիւռ հայ մտաւորականութեան, հայ մամուլին աշխատանքը։ Սփիւռքի Նախարարութեան գործակցութիւնը սուրիահայութեան «Գանձասար» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան հետ եղաւ արդիւնաւէտ ու շահեկան։ Նախարարութեան կազմակերպած լրագրողներու յատուկ ամառնային դպրոցին թերթիս աշխատակիցներուն մասնակցութիւնը յաւելեալ փորձառութեամբ օժտեց զիրենք, այնուհետեւ կ՚առաջարկենք յառաջիկայ դասընթացքներուն մէջ ներառել նաեւ լրագրական գործնական վարժութիւններ, աշխատանքներ՝ տեսական գիտելիքներուն կողքին լրագրողներուն աշխատանքային փորձառութիւն եւս փոխանցելու նպատակով։

Հայ մամուլի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ համահայկական խորհրդաժողովները առիթ հանդիսացան հայ մամուլին դիմագրաւած մարտահրաւէրներու ուրուագծման ու անոնց յաղթահարման կոչուած ծրագիրներու որդեգրման, խմբագիրներու, լրագրողներու, հրապարակագիրներու ծանօթացման, փորձառութիւններու փոխանակման եւ գործակցութեան յաւելեալ առիթներու ստեղծման։ Այդ գործակցութեան վառ օրինակն է նախարարութեան «Հայերն այսօր» կայքէջը, ուր տեղ կը գտնեն հայրենիքի եւ սփիւռքի զանազան գաղութներուն առնչուող լուրեր, յօդուածներ, հարցազրոյցներ։ Միջին Արեւելքի, յատկապէս Սուրիոյ շարունակուող տագնապին մէջ նախարարութիւնը հնարաւոր բոլոր միջոցներով սատար կանգնեցաւ ու կը շարունակէ կանգնիլ հայրենիք հաստատուող թէ Սուրիոյ մէջ իրենց գոյերթը շարունակող սուրիահայութեան։

Այս առումով մեր ցանկութիւնն է, որ պատերազմի հետեւանքով Սուրիայէն դուրս եկող հայութեան պահպանման եւ հայրենիք ուղղման նպաստող Սփիւռքի նախարարութեան գործընթացը շարունակուի ու դառնայ հեռանկարային, իսկ Սփիւռքի տարբեր կառոյցներ, բարերարներ նեցուկ կանգնին նախարարութեան՝ Միջին Արեւելքի գաղութներուն արտահոսքը ուղղելու հայրենիք, միաժամանակ սատար կանգնելու տուեալ երկիրներուն մէջ ապրիլ շարունակող հայութեան։

Կը շնորհաւորենք Սփիւռքի նախարար Տիկ․ Հրանոյշ Յակոբեանը իր նպատակասլաց աշխատանքին ու գործակցութեան մշտապէս ձեռք երկարող օրինակելի մօտեցումին համար, որուն իբրեւ արդիւնք ՀՀ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ գտնուող նախարարութեան կեդրոնը դարձած է այն ջերմաբոյր վայրը, ուր անպայման կ՚անցելէ հայրենիք ժամանող իւրաքանչիւր սփիւռքահայ կամ գէթ գիտէ այն հասցէն, որուն կրնայ դիմել ի պահանջեալ հարկին։

Կը շնորհաւորենք նաեւ նախարարութեան անձնակազմը իր մեղուաջան աշխատանքին համար։ Բարի երթ Սփիւռքի Նախարարութեան։

Զարմիկ Պօղիկեան՝

Սուրիոյ «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր

Հալէպ, 27 Սեպտեմբեր 2015

Scroll Up