Արցախի Մէջ Կ՝ապրի Ժողովուրդ Մը, Որ Իր Հողին Կառչած` Կը Պայքարի Իր Ազատութեան, Անկախութեան եւ Ապահովութեան Համար. «Ալ Մայատին»

Լիբանանեան «Ալ Մայատին» հեռատեսիլի ալիքի զինուորական լրագրող Օկարիդ Տանտաշ օրեր առաջ այցելած է Արցախ: Ըստ լրագրողին` այցի նպատակը եղած է ճանաչողական։ Այս մասին կը հաղորդէ Aparaj.am-ը։
««Ալ Մայատին» լրատուամիջոցը կը ներկայացնէմիջազգային հարցերն ու խնդիրները` յատկապէս, ազգային խնդիրներն ու պատերազմական գործընթացները: Ինծի հետաքրքրեց Արցախն ու այստեղի ժողովուրդը եւ ես որշեցի այցելել Արցախ: Ես կ՝աշխատիմ «Ալ Մայատին» լրատուամիջոցոցի «հողի վրայ» ծրագիրին: Իմ լրագրողական գործունէութիւնը նպատակ ունի, որ ես տուեալ խնդիրին մասին խօսելու համար այցելեմ եւ ներսէն ծանօթանամ խնդիրի էութեան»,- նշած է լրագրողը:
Օկարիդ Տանտաշ այցելած է նաեւ առաջնագիծ` տեղւոյն վրայ ծանօթանալու սահմանային իրավիճակին: Ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտութեան վերաբերեալ ան նշած է,- «Ակնյայտ է, որ այստեղ մեծ միջազգային ուժերը ունին մեծ շահեր: Բայց միւս կողմէն ալ այստեղ կ՝ապրի ժողովուրդ մը, որ իր հողին կառչած` կը պայքարի իր հայրենիքի ազատութեան, իր անկախութեան եւ ապահովութեան համար: Ես ատոր մէջ համոզուեցայ` հանդիպելով թէ՛ Արցախի ղեկավարներու, թէ՛ ժողովուրդի հետ: Արդէն 20 տարի է, որ աւարտած է Արցախեան պատերազմը եւ ես այստեղ տեսայ կամաց-կամաց կառուցուող բնականոն պետութիւն, ուր կ՝ապրի շատ հիւրասէր ու լաւ ժողովուրդ մը»: