Արցախի մէջ հակառակորդի կրակոցներէն երկու Զինուոր Զոհուած է

Նոյեմբեր 12-ին` ժամը 21:00-ի սահմաններուն, ՊԲ հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մարտական յենակէտին վրայ, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցներէն, զոհուած են  զինուորական ծառայողներ Վահէ Վարդգէսի Վանոյեան (1995թ.) եւ Միքայէլ Առաքէլի Թորոսեան (1996թ.): Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ ԼՂՀ  ՊՆ  մամլոյ ծառայութենէն:

Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակացութիւնը կը յայտնէ մահացած զինուորական ծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն։

Scroll Up