Հայաստանի Եւ Արցախի Նախագահներն Ու Բարձրաստիճան Այրեր Այցելեցին «Եռաբլուր»

Անկախութեան տօնին առթիւ այսօր` Սեպտեմբեր 21-ին, ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան եւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցանելու իրենց կեանքը հայրենիքի ազատութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:

NEWS.am-ի փոխանցմամբ` Եռաբլուր զինուորական պանթէոն այցելած էին նաեւ ՀՀ ոստիկանապետ Վլադիմիր Գասպարեանը, ԱԱԾ տնօրէն Գորիկ Յակոբեանը, Հայաստանի  ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարներ Սէյրան Օհանեանը եւ Լեւոն Մնացականեանը, ՀՀ ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեանը եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանը այսօր կը նշէ իր անկախութեան 24-ամեակը: 1991-ի Սեպտեմբեր 21-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ անկախութեան հանրաքուէ, որու մասնակիցներուն շուրջ 94 տոկոսը կողմ քուէարկեց Հայաստանը անկախ պետութիւն ունենալու օգտին:

01 02 03 04

 

Scroll Up