Թուրքիոյ մէջ ազատազրկման մէջ գտնուող հայ լեզուաբանը պատգամաւորի թեկնածու առաջադրուած է

Սթամպուլահայ յայտնի լեզուաբան Սեւան Նիշանեան Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք յառաջիկայ ընտրութիւններուն Լիպերալ-դեմոկրատական կուսակցութեան կողմէ պատգամաւորի թեկնածու առաջադրուած է, կը յայտնէ News.am-ը:
Սեւան Նիշանեան Twitter-ի իր էջին վրայ գրած է, որ համաձայնած է ընդունելու պատգամաւոր դառնալու առաջարկը, քանի որ Լիբերալ-դեմոկրատական կուսակցութեան առաջնորդը զինք առաջարկած է ցանկի առաջին տեղը: Նշանեան նաեւ գրած է, որ ընտրած է հէնց այդ կուսակցութիւնը, քանի որ կուսակցութեան ղեկավարը կազմակերպուած եւ ճիշդ մարդ է:
Նշենք, որ Սեւան Նիշանեան Հայոց ցեղասպանութեան մասին մշտապէս բարձրաձայնած է Թուրքիոյ մէջ եւ աչքի ինկած իր անվախ պահուածքով:
Սեւան Նիշանեանի դէմ քանի մը դատական որոշումներ կայացուած են անօրինական շինարարութիւն ընելու մեղադրանքով: Ներկայիս Նիշանեան կը գտնուի բանտը եւ ազատազրկման դատապարտուած է ընդհանուր 11 տարիով: