Պոլսոյ պատրիարքարան. «Թուրքիոյ հայ համայնքը ներկայացնող միակ հաստատութիւնը պատրիարքարանն է»

Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը յայտարարութիւն  տարածած է, ուր կը նշուի, որ պատրիարքարանէն բացի մէկ այլ հաստատութիւն կամ անձնաւորութիւն համայնքի անունէն յայտարարութիւն ընելու կամ քայլեր կատարելու իրաւունք եւ իրաւասութիւն չունի:

«Թուրքիոյ հայերու պատրիարքարանը` Թուրքիոյ հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնը, համայնքը ներկայացնող եւ անոր անունէն որոշումներ կայացնող միակ ատեանն է: Ըստ կայուն աւանդոյթի` համայնքին հետաքրքրող հարցերու շուրջ եղած յայտարարութիւնները, որոնց մէջ կը ներկայացուի վերջինիս կարծիքը, պատրիարքարանին վերաբերող իրողութիւն է: Պատրիարքարանէն բացի որեւէ կառոյց կամ անհատ համայնքի անունէն յայտարարութիւն ընելու կամ քայլեր կատարելու իրաւունք եւ իրաւասութիւն չունի»,- ermenihaber.am- փոխանցմամբ` նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Կը նշուի, որ յայտարարութեան պատճառ հանդիսացած վերջին օրերուն վիրթուալ միջավայրի մէջ ընկերային ցանցերու միջոցով տեղադրուած յայտարարութիւնները, որոնց մէջ օգտագործուած է հայերու անունը:

Ըստ թրքական «timeturk.com» կայքի` Պատրիարքարանի տարածած գրաւոր յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ մարդիկ ազատ են իրենց միտքերը արտայայտելու հարցով, սակայն ատոնք պէտք է արտայայտեն միայն որոշ մարդոց դիրքորոշումը: Ինչպէս նաեւ անձնական կարծիք արտայայտող յայտարարութիւնները պէտք է սահման ունենան եւ չխախտեն հասարակական կարգը:

 

Scroll Up