Կայացաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակին նուիրուած գիտաժողով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/09/gitazhoghov.jpg)
Սեպտեմբեր 17-ին «Մուսալեռ» հայրենակցական միութեան, ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի, պատմութեան բաժանմունքի կազմակերպմամբ եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ կայացաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակին նուիրուած գիտաժողով, որուն կը մասնակցէր ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը ներկաներուն` ի մասնաւորի Այնճարէն ժամանած մուսալեռցիներուն փոխանցեց նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը: Ան նշեց. «Վերջին երկու տասնամեակների ընթացքում վերաիմաստաւորուել ու վերարժեւորուել է հերոսամարտի նշանակութիւնը հայոց պատմութեան մէջ: Ուրախալի է, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին գումարուել է այսպիսի գիտաժողով: Սա ուրոյն հնարաւորութիւն է` ցոյց տալու, որ 100 տարի առաջ հայ ժողովուրդը ոչ միայն հնազանդօրէն ենթարկուել է ջարդարարների կամքին, այլեւ` պայքարել: Յուսով ենք, որ գիտաժողովին հնչած կարծիքները թարմութիւն եւ նորութիւն կը բերեն Մուսա լերան հերոսամարտի մասին արդէն իսկ հաւաքուած նիւթերին»:
Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմնի նախագահ Եսայի Հաւաթեան, հերոսամարտի ձեռնարկներու կազմակերպման յաւուր պատշաճի աջակցելու համար, շնորհակալութիւն յայտնեց ԵՊՀ ղեկավարութեան եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ նշեց, որ առաջին անգամ է Մուսա լերան հերոսամարտի թեմայով գիտաժողով կը կազմակերպուի եւ այն ալ` մայր համալսարանին մէջ:
Եսայի Հաւաթեան իր` «Մուսա լերան հայութիւնը 1850-ական թուականներէն մինչեւ 1915թ.» թեմայով զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ մուսալեռցիներու կեանքին, խօսեցաւ 1872թ. Մուսա լերան շրջանին տեղի ունեցած կործանիչ երկրաշարժին ու ատոր հետեւանքներուն, 1909թ.` Կիլիկիոյ ջարդերուն, հերոսամարտի շուրջ 45 օր տեւած նախապատրաստական աշխատանքներուն, հերոսամարտի բոլոր 4 փուլերուն մուսալեռցիներու հերոսական ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման եւ 1915թ. Սեպտեմբեր 12-ին պաշարուած մուսալեռցիներու փրկութեան մասին:
Այնճարցի Եսայի Հաւաթեան իր զեկոյցին մէջ ցուցադրեց հերոսամարտի հրամանատարներու բացառիկ լուսանկարներ, մէջբերաւ Լիբանանի Այնճար գիւղին մէջ հաստատուած եւ փոքրիկ Հայաստան հիմնած մուսալեռցիներու բանաւոր զրոյցներու միջոցով հերոսամարտի մասին պահպանուած պատմութիւններ ու մանրամասներ, որոնք ան գրի առած եւ տպագրած է առանձին գիրքով:
«Մուսալեռ» հայրենակցական միութեան ներկայացուցիչ Անի Փաշայեան հաւաստիացուց, որ հերոսամարտի 100-ամեակը հայ դատի համար պայքարի նոր մեկնարկ է, յատկապէս երիտասարդ մուսալեռցիներուն համար:
ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի դասախօս Գեղամ Բադալեան իր «Սուետիոյ հայ բնակչութեան ժողովրդագրական կազմը առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին» զեկոյցին մէջ հետաքրքիր մանրամասներ ներկայացուց մուսալեռցիներու սովորոյթներուն եւ մինչ օրս Այնճարի մէջ նոյն ոգով պահպանուող աւանդոյթներուն մասին:
Բաժանմունքի տնօրէն Էդիկ Մինասեան խօսեցաւ Մուսա լերան ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ կանանց դերին մասին, թէ ինչպէս նեցուկ կանգնելով իրենց ամուսիններուն ու որդիներուն` հայ կանայք բարձրաբերձ ժայռերէն քարաբեկորներով պաշտպանուած են անագորոյն թշնամիէն:
Պ.գ.դ փրոֆէսոր Աշոտ Ներսիսեան անդրադարձաւ հերոսամարտի ընթացքին 20-ամեայ հրամանատար Մովսէս Տէր-Գալուստեանի կատարած մեծածաւալ գործունէութեան եւ սխրագործութիւններուն:
Զեկոյցներով հանդէս եկան նաեւ պ.գ.դ. Յարութիւն Մարութեան («Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն ինքնապաշտպանութիւնները եւ Ապրիլ 24-ի բանաձեւումը»), Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրի, Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանի գիտաշխատող Խորէն Գրիգորեան («Մուսա լերան հերոսամարտի տօնակատարութիւնը թանգարանային ցուցադրութեան ծիրէն ներս»), պ.գ.թ. Սվետլանա Պօղոսեան («Սուետիահայ/մուսալեռցիներու ինքնութեան դրսեւորումները եւ կենսապահովման մշակոյթի առանձնայատկութիւնները») եւ Քալիֆորնիոյ «Արփա» ինստիտուտի նախագահ Յակոբ Փանոսեան («Մուսա լերան հայութեան բարբառի առանձնայատկութիւնները»):
Գիտաժողովի աւարտին կազմակերպուեցաւ հիւրասիրութիւն, ուր մատուցուեցան մուսալեռցիներու աւանդական ուտեստներ: