Արիւնալի Օր Մը Հալէպի Մէջ

Երէկ, 15 Սեպտեմբեր 2015-ին, 20 զոհ եւ աւելի քան 100 վիրաւոր, մեծամասնութեամբ կիներ եւ երեխաներ, արձանագրուեցան Հալէպի մէջ, երբ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ աւելի քան 200 հրթիռ արձակեցին Հալէպի Համտանիէ, Նոր Հալէպ եւ Մաքրամիէ բնակելի շրջաններուն վրայ: Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար:
Ավելցնենք, որ Հալէպի մէջ ջուրը կրկին անջատուած է, ելեկտրականութիւնը կը միանայ երբեմն, օրական մէկ ժամուայ դրութեամբ միայն: Համացանցային ծառայութիւնը կը մնայ խափանուած, գոյութիւն ունի նաեւ վառելանիւթի տագնապ: Ապահովական առումով զինեալ խմբաւորումներ օրական դրութեամբ թիրախ կը դարձնեն բնակելի տարբեր շրջաններ, որոնց դիմաց սուրիական բանակը կը շարունակէ դէմ դնել անոնց թափանցման եւ ետ մղել օրական դրութեամբ կրկնուող յարձակումները: