Լիբանանցի դեսրասանուհի Մակի Պուղուսուն «Բարեգործական ձեռնարկը կը շարունակուի առանց թուրք դերասանի

“Հայերն Այսօր”-ի տեղեկացմամբ aztagarabic –ը կը գրէ, որ Մակի Պուղուսուն իր կայքէջին վրայ գրած էր, որ բոլոր կողմերը համաձայնեցան` Մակի Պուղուսուն, Զիատ Պըրճի, X-ray ընկերութիւնը եւ  երեխաներու  (Սանթ ճուտ) քաղցկեղի կեդրոնը, շարունակելու բարեգործական համերգի իրականացումը:

Նշենք, որ երեխաներու  (Սանթ ճուտ) քաղցկեղի կեդրոնը եւ X-ray ընկերութիւնը որոշած էին կազմակերպել բարեգործական համերգ, որուն հասոյթը կը նուիրուի երեխաներու  (Սանթ ճուտ) քաղցկեղի կեդրոնին Լիբանանի մէջ, ճգնաժամ մը յառաջած էր թուրք դերասանի մը մասնակցութեան մասին լուրերուն պատճառով, թուրք դերասանը տարածաշրջանին մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի դեսպան, երբ յայտարարուած է, որ այդ ձեռնարկին թուրք դերասան մը պիտի մասնակցի, հայկական կուսակցութիւններն ու միութիւնները առարկած են անոր մասնակցութեան ի մանաւանդ , որ կը զուգադիպի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին հետ:

Դերասանուհի Մակի Պուղուսուն  mtv ելեքտրոնային կայքին հետ հարցազրոյցին ըսած էր,  որ «թուրք դեսարասան Մուրատ Եիլտրիմի  մասնակցութիւնը հարց բարձրացուցած էր լիբանանահայութեան մօտ», Մակին աւելցուցած է ըսելով, «որովհետեւ կը յարգեմ հայ համայնքը` ես եւ արուեստագէտ Զիատ Պրճին որոշեցինք, որ այդ ձեռնարկը ըլլայ զուտ լիբանանեան կամ ալ չենք մասնակցիր անոր»:

Պուղուսուն աւելցնելով կ’ըսէ, որ «կազմակերպող ընկերութիւնը ընդառաջած է այս հարցին», խօսքը ուղղելով հայ համայնքին ըսած է, որ »դուք մեր ամենասիրելի մարդիկն էք եւ մենք մէկ հայրենիքի զաւակներ ենք եւ ես կը համակրիմ ձեզ, մանաւանդ որ այս ձեռնարկը կը զուգադիպի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին», աւարտելով իր խօսքը ան ըսած է, որ »Յարգանքս հայերուն հանդէպ կը պարտադրէ զիս վարուիլ այս կերպ»:

Scroll Up