Հայաստան տեղափոխուած Թովմասեաններու ընտանիքը կը շարունակէ մնալ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ուշադրութեան կեդրոնին մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/09/qobani.jpg)
Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Քոպանի քաղաքին մէջ «Իսլամական պետութեան» գրոհայիններու ջարդէն փրկուած եւ ս.թ. Սեպտեմբեր 2-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան անմիջական նախաձեռնութեամբ ու աջակցութեամբ Հայաստան տեղափոխուած Թովմասեաններու ընտանիքի 17 անդամները հանգրուանեցին Հայրենիքի մէջ:
Մտնելով Քոպանի` ԻՊ-ի գրոհայինները սպաննած են քնացած գիւղացիները, այրած տուներ ու մարդիկ: 43-ամեայ Յովսէփ Թովմասեանին սպաննած են 13-ամեայ որդիին աչքին առջեւ: Թովմասեաններու գերդաստանի մնացած անդամները (Թովմասեան 4 եղբայրներու ընտանիքները, մէջը ըլլալով` 11 երեխայ) հրաշքով կրցած են փրկուիլ եւ հասնիլ սահման: Թուրք սահմանապահները ընտանիքին թոյլ տուած են մտնել Թուրքիա եւ տեղաւորել Սուրուճի դպրոցի շէնքին մէջ, ուր ընտանիքը բազում դժուարութիւններով ապրած է 3 ամիս:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը Կ.Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի եւ «Ակօս» շաբաթաթերթի աշխատակից, պոլսահայ լրագրող Արիս Նալճըի շնորհիւ մշտապէս տեղեկացած է Թուրքիա տեղափոխուած Թովմասեաններու եւ միւս ընտանիքներուն մասին:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի յանձնարարութեամբ նախարարութեան համապատասխան ստորաբաժանումներու աշխատակիցները, շահագրգիռ կառոյցներու հետ (ՄԱԿ ՓԳՀ, «Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութիւն», «Առաքելութիւն Հայաստան» ՀԿ, «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական ՀԿ, «Օքսֆամ»-ի հայաստանեան մասնաճիւղ) քննարկած են ընտանիքի Հայաստան տեղափոխուելու տարբերակները, Թովմասեաններուն կացարանով ապահովելու եւ այլ անհրաժեշտ աջակցութիւն տրամադրելու հարցերը:
Միջնորդաւորուած բանակցութիւններու արդիւնքով Թովմասեաններուն տրամադրուած են ճամփորդական փաստաթուղթեր:
ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարի խորհրդական Րաֆֆի Արտհալճեանի ֆինանսաւորմամբ լուծուած են Թովմասեաններու ընտանիքի Հայաստան տեղափոխուելու ծախսերը:
Ընտանիքին Զուարթնոց օդակայանին մէջ դիմաւորած են Սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր եւ Միջին արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեան, «Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութիւն», «Առաքելութիւն Հայաստան» ԲՀԿ, «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական ՀԿ եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ:
Թովմասեաններու ընտանիքը տեղաւորուած է մայրաքաղաքի Սիլիկեան թաղամասին մէջ` յատուկ իրենց համար առանձնացուած յարմարաւէտ կացարանի մէջ:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, այլ կառոյցներու հետ համագործակցելով, ձեռնամուխ եղած է 17 հոգիէ բաղկացած Թովմասեաններու գերդաստանի կեցութեան խնդիրներու լուծման: