Արժանթինի մէջ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած փաստագրական ֆիլմ կը նկարահանուի
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/09/Suenos.jpg)
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ Պուէնոս Այրէսի մէջ փաստավաւերագրական ֆիլմ կը նկարահանուի: «Հայաստանի երազանքները» արժանթինական ֆիլմ է, որ կը նուիրուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, վէրքի մը, որ դեռ չէ բուժուած եւ որ արդարութիւն ու ճանաչում կը պահանջէ, armeniangenocide100.org-ի փոխանցմամբ` կը տեղեկացնէ մեքսիքական idea.me կայքը:
Նախագիծը կը պատմէ կենսունակ համայնքի մասին, որ կը պահպանէ իր մշակոյթն ու ինքնութիւնը` որպէս երկիր մը:
«Մեր աշխատանքային խումբը փաստագրական ֆիլմեր ստեղծած է 20 տարի շարունակ, որոնց մեծամասնութիւնը իրականութիւն դարձած է մասնակիցներուն եւ աջակիցներուն շնորհիւ: Կը հաւատանք, որ «Հայաստանի երազանքները» եւս իրականութիւն կը դառնան»,- կը ներկայացնեն ֆիմլի բեմադրիչներ Գլաուտիօ Ռեմետին եւ Տէրեսա Սափորիտին:
«Արդէն նկարահանած ենք Պուէնոս Այրէսի մէջ յիշատակութեան ձեռնարկները, որոնց աշխոյժ մասնակցած է հայ համայնքը, ինչպէս օրինակ` Պուէնոս Այրէսի մէջ տեղի ունեցած գիրքի տօնավաճառին ու Ապրիլ 28-ի երթին ժամանակ: Միաժամանակ Երեւանի մէջ մեր գործընկեր Արմէն Գասպարեան այնտեղ եւս նկարահանած է Հայաստանի փողոցներով անցնող երթերը եւ զոհերուն նուիրուած յուշահամալիրի մօտ տեղի ունեցած ձեռնարկները:
Ֆիլմի կեդրոնական պատմութիւնը ընտանիքի մը մասին է եւ այն իրողութիւններուն, որոնք պատմած են Արժանթինի հայ բնակիչները: Անիան այդ ընտանիքի մէկ մասն է կազմին մէջ: Ան գրող է, եւ ուղեւորութիւն կը նախաձեռնէ դէպի Երեւան` գրելու համար իր պատմութիւնը: Անոր այցը հնարաւորութիւն կու տայ այցելելու, տեսնելու եւ յիշելու Հայաստանը», – կը պատմեն ֆիլմի բեմադրիչները: