Հայ ծերանոցի պատսպարեալները ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան հրաւէրով ուրախ ժամեր անցուցին ՀՄԸՄ-ի պարտէզին մէջ

Երկուշաբթի, 31 Օգոստոս 2015-ին, երեկոյեան, Հալէպի Հայ Ծերանոցի պատսպարեալները ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի Վարչութեան հրաւէրով հրաւիրուած էին ՀՄԸՄ-ի պարտէզէն ներս ընթրիքի:  Այս մասին, «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ,  կը գրէ PERIO NEWS:
Ընթրիքին ծեր-պատսպարեալներու կողքին ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի Վարչութեան Ատենապետն ու անդամներ, Հայ Ծերանոցի խնամակալութեան, Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբի անդամներ եւ Ծերանոցի Տնօրէնը, ինչպէս նաեւ սկաուտ-արծուիկ, քոյրեր եւ եղբայրներ ու մարզիկներ:
Ծեր-պատսպարեալները չափազանց ուրախ ժամեր անցուցին, երկու պապիկ ոգեւորիչ ձեւով արտասանութիւն ներկայացուցին:
Հայ Ծերանոցի Տնօրէն տիար Աւօ Գաթրճեան Հայ Ծերանոցի Մեծ ընտանիքի անունով խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց վերոնշեալ նախաձեռնութեան բարերար ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի Վարչութեան, որ նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեամբ տեւական նեցուկ կը կանգնին այս օրհնեալ հաստատութեան եւ կ՛ուրախացնեն մեր ծեր-պատսպարեալներուն:

Scroll Up