Սուրիոյ Հայկական Վարժարանները Կը Պատրաստուին Վերամուտի

Հալէպի մէջ ապահովական վիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած։ Նախանցեալ օր զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին Հալէպի Մոկամպօ շրջանը, արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ, որոնց կողքին նիւթական մեծ վնասներ։ Այս մասին կը հայտնէ «Գանձասար»-ը:

Նոր Գիւղ շրջանի բանջարեղէնի շուկային մօտ ինկած հրթիռի մը հետեւանքով փուլ եկաւ շէնք մը, զոհեր չարձանագրուեցան, հրթիռներ արձակուեցան նաեւ Թիլէլ եւ Ճէլէէ շրջանները։

Կենցաղային առումով ջուրը հասանելի է քաղաքի համարեա՛բոլոր շրջաններուն, ելեկտրականութիւնը 2 օրուան ընթացքին մէկուկէս ժամով միայն կը միանայ, իսկ համացանցային ծառայութիւնը ցարդ կը մնայ խափանուած։

Թէեւ Նահանգային Խորհուրդը սկսած է բնակարաններուն նախքան ձմեռնամուտը վառելանիւթ հայթայթելու աշխատանքին, այնուամենայնիւ, վերջին օրերուն բարձրացած են վառելանիւթի գիները, նահանգին յատկացուած վառելանիւթի քանակին համեմատական նուազեցման արդիւնքով։

Այս պատճառով բարձրանալ սկսած են նաեւ կարգ մը ելեկտրածին գործիքներու (ամբերներու) մասնակցութեան շաբաթական գիներն ու նուազիլ սկսած են սոյն գործիքներու սեփականատէրերուն կողմէ ելեկտրականութեան հայթայթման ժամերը։

Կրթական առումով, Սուրիոյ հայկական վարժարանները կը նախապատրաստուին 2015-2016 ուսումնական տարեշրջանի վերամուտին։

Հալէպի Ազգ․ Պատսպարանի սաները, Քեսապի մէջ իրենց ամառնային արձակուրդը աւարտելով, կազդուրուած ու հոգեփոխուած վերադարձան Հալէպ:

Scroll Up