ԵՈՒՆԵՍԿՕ¬-ն պէտք է քննադատէ Ատրպէյճանի կողմէ Ջուղայի խաչքարերու կազմակերպուած աւերումը. The Guardian

Միաւորուած ազգերու կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութիւնը (ԵՈՒՆԵՍԿՕ) պէտք է քննադատէ 2005 թուականին Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ Ջուղայի հայկական խաչքարերու կազմակերպուած աւերումը:

«Արմէնփրէս»­-ի փոխանցմամբ` The Guardian-­ի մէջ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ ամերիկաբնակ քաղաքագէտ, իրաւագէտ Սիմոն Մաղաքեան: «Մշակութային ժառանգութեան միտումնաւոր ոնչնացումը պէտք է տարածուի նաեւ ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի նուիրատուներու վրայ»,­ կը նշէ Մաղաքեան:

Յօդուածագիրը կը նկատէ, որ Փալմիրայի մշակութային կոթողներու ոչնչացումը ցնցած է ԵՈՒՆԵՍԿՕ-­ն, այնինչ այդ կառոյցը լռութիւն  պահպանած է Ատրպէյճանի կողմէ հայկական միջնադարեան 2000 խաչքարերու ոչնչացման ժամանակ: Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կը ժխտէ հայկական եւ քրիստոնէական մշակութային ժառանգութիւն հանդիսացող խաչքարերու բնաջնջումը` չնայած այդ փաստը վկայող տեսանիւթերուն, որ  նկարուած էին իրանական սահմանէն:

Ատրպէյճան մերժած է նաեւ հետաքննութիւն վարելու պահանջները: Սակայն Գիտութեան զարգացման ամերիկեան ընկերակցութեան կողմէ եղած ուսումնասիրութեան ընթացքին հայկական խաչքարերու զանգուածային աւերումէն առաջ եւ յետոյ եղած արբանեակային լուսանկարները ցոյց տուին, որ խաչքարերը անհետացած են 2005 թուականէն յետոյ:

ԵՈՒՆԵՍԿՕ-­ն կը շարունակէ լուռ մնալ խնդիրին վերաբերեալ: Աւելին, կազմակերպութիւնը կը շարունակէ համագործակցիլ Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն հետ. 2013 թուականին այն 5 մլն ԱՄՆ տոլարի նուիրուատուութիւն ստացած է Ատրպէյճանէն:

Scroll Up